ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան անցնող շաբաթավերջին Տիւզճէի մէջ ճառախօսութեան մը ընթացքին պատմական ինքնաքննադատութիւն մը ընելով՝ ըսաւ, որ Թուրքիայէն շարունակաբար վռնտուեցան ցեղային տարբեր ծագում ունեցողները եւ հարց տուաւ, թէ այսպէս ընելով արդեօք «բան մը շահեցա՞նք»։
Վարչապետը այս հարցին անդրադարձաւ, երբ կը խօսէր Սուրիոյ սահմաններու մերձակայ շրջաններուն մէջ ականները մաքրագործելու աշխատանքին մասին։ Այս դժուար գործը պիտի յանձնուէր Իսրայէլին, սակայն ընդդիմութիւնը սկսաւ գանգատիլ, որ այդ հողատարածքը հրեաներուն քմահաճոյքին կրնայ ձգուիլ։ Վարչապետը հեգնանքով պատասխանեց այս քննադատութեան եւ ըսաւ. «Հոս Իցհաքը չէ, որ պիտի աշխատի, այլ Ահմէտն ու Մէհմէտը պիտի աշխատին։ Այս երկրին մէջ պետութիւնը ապահովութեան բոլոր միջոցներուն կը դիմէ։ Այս երկրին մէջ տասնամեակներ շարունակ տարբեր ազգային ծագում ունեցողները վռնտուեցան։ Բայց արդեօք շահեցա՞նք։ Այս մասին լաւ չէ մտածուած։ Տարբեր ցեղային ծագում ունեցողները վռնտել ֆաշականութիւն կը նշանակէ»:
Վարչապետին այս դիտողութիւնը անշուշտ դարձեալ պիտի բախէր ընդդիմութեան առարկութիւններուն։ Արդարեւ, Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց շրջանակները, նաեւ կարգ մը լրագրողներ վարչապետը քննադատելի գտան այս տեսակէտին մէջ եւ պնդեցին, որ ան կը նախատէ թուրք ժողովուրդը: Անոնք աւելցուցին, թէ՝ «Թուրքիա, ընդհակառակը, միշտ գիրկ բացած է օտար ծագում ունեցողներուն», իսկ եթէ կ՛ակնարկուի Թուրքիայէ հեռացուած յոյներուն, անոնք արդէն թրքահպատակներ չէին, եւ այլն։
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Էրտողանը Օրհան Փամուքի նման սկսած է խօսիլ թրքաբնակ փոքրամասնութիւններուն մասին: Թուրքիոյ վարչապետին խօսքը թուրք ժողովրդին ուղղուած վիրաւորանք է», աւելցուց ան՝ նկատի ունենալով Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին տիրացած Փամուքի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիոն հայեր եւ 30 հազար քիւրտեր սպաննուած են»:
Յունաստանի մամուլը դրուատած է Էրտողանի այս յայտարարութիւնը: Կարգ մը թերթեր զայն համարած են «ինքնաքննադատութիւն» կամ «պատմական խոստովանութիւն եւ զղջում»: