ՄԵՆԱՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ-ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի 17 Մայիս 2009ի երեկոյեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը, Հոլիվուտ, մեծ շուքով եւ արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90րդ ամեակը՝ Կլէնտէյլի «Փալատիօ» սրահէն ներս:
Շքեղ հանդիսութեան ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Տ. Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ Կեդր. վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ վարչութեան անդամ Մաքօ Սեդրակեան, Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ այլ պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու վարչութեանց ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ եւ համակիրներ:
Բարի գալուստի խօսքը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավար, «Մայր» մասնաճիւղի 90ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի Հայկուհի Սերոբեանը, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները՝ յարգելու համար ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին ծառայող եւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուող ընկերուհիներուն յիշատակը: Ապա Թուխման խաչատուրեանի կատարողութեամբ ունկնդրելէ ետք Ամերիկեան, Հայկական, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի քայլերգները, բեմ հրաւիրուեցաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը՝ փոխանցելու իր Հայրական պատգամը եւ օրհնելու համար սեղանները: Առաջնորդին կ՛ընկերանար նաեւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունելով ներկաները՝ յայտնեց. «Կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ ՀՕՄի բոլոր ննջեցեալ անդամուհիներուն, որոնք հաւատքով եւ աննկուն կամքով ծառայեցին միութեան»: Իր խօսքին մէջ ան նշեց «Մայր» մասնաճիւղին ունեցած մեծ տեղն ու դիրքը մեր ազգապահպանման գործին մէջ՝ յայտնելով, որ Հոլիվուտի մեր բոլոր միութիւններն ու կեդրոնները միշտ մտերմիկ եւ կայտառ կերպով համագործակցած են՝ ի խնդիր մեր գաղութի պահպանման եւ զարգացման:
Խօսքին աւարտին, սրբազան հայրը բարի տարեդարձ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց «Մայր» մասնաճիւղին, այնուհետեւ, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի ընկերակցութեամբ, օրհնեց սեղանները:
Այնուհետեւ, հանդիսավար ընկերուհի Սերոբեանը ողջունեց բոլոր հրաւիրեալներն ու ներկաները՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան բարերարներ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Թամար Արեւեաններուն, որոնք իրենց ծնողաց յիշատակին, 25 հազար տոլարով հովանաւորած էին օրուան հանդիսութիւնը: Ապա բեմ բարձրացաւ տոքթ. Արփի Արապեան, որ անգլերէնով փոխանցեց բացման եւ ողջոյնի խօսքերը:
Օրուան մթնոլորտը խանդավառելու ի գին, ձեռնարկին կարճ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, որ այս տարի կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 35ամեակը: Խումբը իր ներկայացուցած հայկական պարային արուեստի հատընտիրներով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահէն ներս:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, որ շնորհաւորելով «Մայր» մասնաճիւղի 90ամեակը՝ յայտնեց, թէ հակառակ անցած 90 տարիներուն, «Մայր» մասնաճիւղը կը շարունակէ մնալ իր բարձունքին վրայ՝ օգնութեան ձեռք երկարելով իր շրջապատին:
«Անհերքելի իրականութիւն է, որ շրջանի ՀՕՄի պատմութեան մէջ, Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը իր պատուաբեր բաժինն է բերել», ըսաւ ան: Ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եզրափակեց իր խօսքը՝ բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ մաղթելով 90 տարեկան մասնաճիւղին:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ՝ պատրաստութեամբ մասնաճիւղի անդամուհիներէն Սոնա Մատարեանի, որ իր գրաւիչ կատարողութեամբ ներկայացուց «Մայր» մասնաճիւղի պատմականն ու նուաճած ճանապարհը՝ ամբողջ 90 տարուան ընթացքին:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ «Հորիզոն» հեռուստաժամի խօսնակ եւ «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի ուսողութեան եւ գիտութիւններու վարիչ Մանուկ Սէյրատարեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց ՀՕՄի 99ը եւ «Մայր» մասնաճիւղի 90ամեակները, որոնք իր բանաձեւումով՝ տօն են «բոլոր մայրերուն», որովհետեւ ՀՕՄը բոլոր մայրերուն միութիւնն է: Ան վեր առաւ ՀՕՄին կատարած եւ տակաւին կատարելիք գործունէութիւնը, որուն ընթացքին ՀՕՄը իսկական մօր մը պէս գուրգուրալով մեր գաղութին՝ պահպանեց մեր ազգային ինքնութիւնը, զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ: Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ ՀՕՄը եւ իր մասնաճիւղերը երբե՛ք պիտի չծերանան, այլ երկար պիտի գոյատեւեն, որովհետեւ շատ բան ունին տակաւին կատարելիք:
Յաջորդաբար խօսք առին «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարկօ Սերոբեանը, որ նաեւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց օրուան առթիւ, ապա՝ ընկերուհի Մայտա Շահինեանը, որ վարելով մոմավառութեան արարողութիւնը՝ հերթով բեմ հրաւիրեց օրուան 39 մոմավառները, որոնց կը գլխաւորէր օրուան գլխաւոր բարերար՝ Սարգիս եւ Թամար Արեւեան ամոլը, յանձինս երենց որդւոյն եւ քրոջ:
Մայտա Շահինեան նաեւ բեմ հրաւիրեց «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհին եւ 90ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհին՝ միասնաբար հատելու համար օրուան նպատակը իմաստաւորող կարկանդակը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ եւ արժանավայել գնահատանքով՝ օրուան կազմակերպչական փայլուն ընթացքին ուղղութեամբ:
Վարձքը կատար բոլորին եւ շնորհաւոր «Մայր» մասնաճիւղի 90ամեակը: