ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Բոլոր ժողովուրդներուն համար, հայրենական մեծագոյն տօնը՝ Անկախութեան Օրն է:
Ամէնէն սիրելին եւ նուիրականն է ան:
Այդ օրը՝ տօն է ազգային երազներու իրականացման կարեւորագոյն հանգրուանին. պսակումը՝ թափուած հաւաքական ճիգերու եւ երկարատեւ պայքարներու:
Ան կը հետեւի անձկալից սպասումներու, անսահման զոհաբերութեանց. անոր համար մեծ թիւով հայրենասէրներ կատարած են գերագոյն զոհողութիւն, նուրիրած՝ իրենց կեանքը:
Տօն, որուն իրականացման առիթով գործուած են եւ գրուած պատմական հերոսութիւններ:
Արդար ուրախութեան Օր է ան:
Օր՝ հպարտութեան եւ երջանիկ զգացումներու:
Խորհրդանիշ է ան:
Հաւաքական անձնագիր եւ անցագիր:
Անո՛վ է, որ մուտք կը գործէ ան Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւն:
Օր, որ արժեչափ է մեծաթիւ եւ փոքրաթիւ ազգութիւններու հաւասարութեան:
Կը ճշդէ տեղը, դերը անոր կեանքին մէջ:
Կը հաստատէ գոյնը, բոյրը ազգութեանց մէջ:
Գեղեցկութիւն է ան ու արժէք:
Անով եւ նմաններո՛վ է մեծ ու պատկառելի ընտանիքը ազգերուն:
Պատգամ է ան ու յանձնառութիւն՝ միշտ կանգուն, բայց եւ աւելի բարձր դիրքի վրայ պահպանելու այն, ինչպէս ուխտ եւ պարտաւորութիւն:
***
Մինչեւ իրենց անկախութիւնը, բոլոր ժողովուրդներն ալ ապրած ու անցած են հաւաքական կեանքի պատմութեան դժուարին հանգրուաններ՝ նահապետական, տոհմային, ցեղային, ցեղապետական, իշխանապետական, թագաւորական եւայլն:
Ղեկավարման այդպիսի դրութիւններով, հայ ժողովուրդի հնագոյն պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ա. 9րդ, 8րդ դարերը, երբ այլեւս կը սկսին ձեւաւորուիլ թագաւորութիւններու յաջորդականութեան պատմաշրջանները:
***
Արձանագրենք հայ ժողովուրդի պատմաշրջաններու կարեւոր հանգրուանները:
– Նայիրեան ցեղային միութիւն՝ գոյացած Ք.Ա. ԺԳ.-էն ԺԱ. դարերուն:
– Ուրարտական պետութեան կազմաւորում եւ տեւողութիւն Ք.Ա. 870-590:
– Մայրաքաղաք Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրութիւն. Ք.Ա. 782 թուին:
* Երուանդեաններու թագաւորութեան շրջան. Ք.Ա. 570-190:
* Արտաշիսեան թագաւորութեան շրջան՝ Ք.Ա. 190-Ք.Ե. 1:
Այս ժամանակաշրջանին յիշատակելի է հայոց պատմութեան մեծագործ թագաւոր՝ Մեծն Տիգրանը. Ք.Ա. 95-55:
* Արշակունեաց թագաւորութեան շրջան 2էն 428:
Այս ժամանակաշրջանին յիշատակելի են հետեւեալ պատմական իրողութիւնները.
– Պետականօրէն կ՛ընդունուի քրիստոնէութիւնը՝ Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրով. 301 թուին:
– Կը կատարուի հայ գրերու գիւտը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ հայրապետի եւ Վռամշապուհ թագաւորի օրով. 405 թուին:
– Նոյն թուականներուն կը սկսի հայ ժողովուրդի Գրաւոր մշակոյթը, կը թարգմանուի Աստուածաշունչը եւ պատմահայր Մովսէս Խորենացին կը գրէ ամբողջական պատմութիւնը հայ ժողովուրդի:
* Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջան. 870-1045:
* Ռուբինեան իշխաններու եւ Լուսինեան թագաւորներու շրջան. 1080-1375:
* Առաջին Հանրապետութեան շրջան. 1918 Մայիս 28էն մինչեւ 1920 Դեկտեմբեր 2:
* Երկրորդ Հանրապետութեան շրջան (ՀՍՍՀ) 1920 Դեկտեմբեր 2էն 1991 Սեպտեմբեր 20:
* Երրորդ՝ Ներկայի Հանրապետութեան շրջան. 1991 Սեպտեմբեր 21էն սկսեալ:
***
Տրուած թուականներուն միջեւ պատմութեան ժամանակամիջոցները յաճախ եղած են կիսանկախութեան կամ ենթակայութեամբ տիրապետուած շրջաններ:
Այդ միջոցներուն, հայ ժողովուրդը միշտ պայքարած է օտար բռնութիւններուն դէմ, որոնք գլխաւորաբար եղած են յունահռոմէական, ասորական, պարսկական, արաբական, մոնկոլ-թաթարական, թրքական, ռուսական եւայլն:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումով՝ 1045 թուին, եւ այնուհետեւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումով՝ 1375ին, պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքը դարերով ենթակայ կը դառնայ յոյն, մոնկոլ, թաթար, օսմանեան թուրք, պարսիկ եւ ռուս բռնատիրութիւններու:
Օտար ուժեր կը մասնատեն ամբողջ երկիրը. անխնայ կը կողոպտեն զայն, կը կեղեքեն ժողովուրդը եւ արգելք կ՛ըլլան անոր տնտեսական, ընկերային, մշակութային կեանքի բնական յառաջդիմութիւններուն:
Մասնաւորենք, որ բռնատիրութիւններու ամենէն երկարատեւն ու դաժանը կ՛ըլլայ Օսմանեան թուրքերու տիրապետութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն վրայ:
Դժնդակ այս ժամանակաշրջանին է, որ հայ ժողովուրդի գոյավիճակը իբրեւ հարց նիւթ կը դառնայ եւրոպական պետութիւններու ժողովներուն:
Դարձեալ, հայ ժողովուրդի անմարդկայնօրէն ճնշուած եւ տխուր վիճակն է, որ ի միջի այլոց Ռուսաստան պատճառ կը նկատէ Թուրքիոյ դէմ պատերազմելու:
Օսմանեան պետութիւնը սակայն առանց կարեւորութիւն տալու եւրոպացիներու ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի սպառնալիքներուն, միշտ կը դիմէ ահաւոր միջոցառումներու, հայկական հողերու հարցը եւ ժողովուրդին պահանջները իր հասկացողութեամբ լուծելու:
– 1895-96ին՝ 300,000 հայերու կոտորած կ՛իրականացնէ եւ կը մղէ ժողովուրդը արտագաղթելու:
– 1909ին՝ կ՛ահաբեկէ Կիլիկիոյ հայութիւնը, մէկ օրուան մէջ 30,000 հայեր կոտորելով եւ կողոպտելով ժողովուրդի առեւտրատներու եւ բնակարաններու հարստութիւնը, ինչ որ դարձեալ արտագաղթի ստիպողութեան մէջ կը դնէ մնացեալ ժողովուրդը:
Այս բոլորէն ետք,
– 1913 թուին, վերջապէս կը սկսին եւրոպական ճնշումներով հայ ժողովուրդի կեանքի բարելաւման միջոցառումները հայկական նահանգներուն մէջ:
– 1914ին սակայն, սկսուած բարեկարգութեանց գործընթացը կ՛ընդհատուի, որովհետեւ կը ծագի Համաշխարհային Առաջին պատերազմը:
Զուգադիպութիւնը դժբախտաբար կ՛ըլլայ ի նպաստ Օսմանեան պետութեան, որ յարմար առիթը կը սեպէ ձերբազատուելու եւրոպական միջամտութիւններէն, Հայկական Հարցը լուծելու իր ձեռքով եւ իր հայեցողութեամբ:
– 1915ին, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, սկսեալ Ապրիլի 24էն, պետութիւնը անակնկալ կերպով կը ձերբակալէ եւ անմիջապէս կ՛աքսորէ հարիւրաւոր գրողներ, մտաւորականներ, քաղաքական-հասարակական յայտնի գործիչներ, մասնագէտներ, եկեղեցականներ եւ այլք:
Նոյն ատեն, զինուորագրութեան կ՛ենթարկէ մինչեւ 45 տարեկան բոլոր այր մարդիկը:
Այնուհետեւ՝ կը սկսի հայ բնակիչներու ստիպողական տեղահանութիւնը:
***
1917ի սկիզբը, դարձեալ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, տեղի կ՛ունենայ պատմական մեծ յեղաշրջում մը. Կարմիր Յեղափոխութիւն Ռուսիոյ մէջ, որուն հետեւանքները ճակատագրական անդրադարձ կ՛ունենան հայ ժողովուրդին վրայ:
Ռուսաստանի ցարը գահընկեց կ՛ըլլայ: Համայնավարական յեղափոխութիւնը կը յաղթահարէ եւ տէր կը դառնայ ընդարձակ կայսրութեան:
Նոր իշխանութիւնները կը հրահանգեն, որ ռուս բանակը լքէ Կովկասը, որուն մէջ ներկայ Հայաստանը, Կարսն ու Արտահանը եւ քաշուիլ դէպի Ռուսաստան:
Այդ պայմաններուն մէջ, Արեւելեան Հայաստանը կը մնայ անպաշտպան:
Թուրքիան պատեհ առիթ կը նկատէ գրաւելու ռուսերու լքած հողերը, հոն եւս բնաջնջելու հայը եւ վերջնականապէս ազատելու Հայկական Հարցէն:
Ահա տուեալ ա՛յս պայմաններուն մէջ,
– Մէկ կողմէն Համաշխարհային Ա. պատերազմը,
– Միւս կողմէն Ռուսաստանի մէջ համայնավարական յեղափոխութիւնը, շարժառիթ եւ պատճառ կ՛ըլլան, որ հայ ժողովուրդը դրուի իր պատմութեան ամենէն վտանգաւոր հարցականին առջեւ:
Թուրք բանակը կը շարժի դէպի Կովկաս, ուր առաջին հերթին կը ծրագրէ իրականացնել Արեւելահայութեան հաշուեյարդարի գործը:
Այդ վտանգին առջեւ, տարածքի հայ ղեկավարութիւնը ռուս բանակի մեկնումէն ետք, անյապաղ կը լծուի աշխատանքի, կազմակերպելու համար զօրագունդեր եւ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը:
Թուրք բանակը մօտեցած՝ տեղի կ՛ունենան սպասուած ճակատագրական բախումները, երեք ուղղութիւններու վրայ, երեք կէտերու մէջ.
– Սարդարապատ,
– Բաշ Ապարան,
– Ղարա Քիլիսա (ներկայիս Սպիտակ):
Բախումներու անմիջականութիւնը կը ստեղծէ մեծ անձկութիւն եւ անսովոր աշխուժութիւն:
Ամէն ոք կը ջանայ հաստատել յանուն հայրենիքի զոհաբերութեան իր անկեղծ պատրաստակամութիւնը: Բոլորին համար ճակատամարտները սրբազան մարտի բնոյթ կը նկատուին:
Երեք ճակատներու վրայ, կ՛ըլլայ հետեւեալ դասաւորումը.
– Սարդարապատի ճակատամարտ. ղեկավար՝ Զօրավար Դանիէլ Բէգ Փիրումեան:
– Բաշ Ապարանի ճակատամարտ. հրամանատար՝ Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ):
– Ղարաքիլիսայի ճակատամարտ. զօրավար՝ Թովմաս Նազարբէգեան:
Բոլոր ղեկավարները հայրենասիրական վերջին կոչ մը կ՛ուղղեն բանակին եւ ժողովուրդին. կը յստակացնեն, որ մահու եւ կենաց վճռորոշ բախումի մը առաջ կ՛երթան: Ընդհանուր մթնոլորտը կը յիշեցնէ հինգերորդ դարու Վարդանանց հայրենական պատերազմը:
Ժողովուրդը գիտակից այդ բոլորին, սքանչելի միասնակամութեամբ, գերազանց խանդավառութեամբ եւ բարձր կորովով, հերոսաբար կը կռուի նախայարձակ թշնամիին դէմ:
Թրքական բանակը պարտուած՝ փախուստ կու տայ:
Հուսկ՝ կը կերտուի դժուարին յաղթանակը:
***
Տագնապալի այսպիսի պահերու մէջ՝ ճակատներու վրայ կռիւ ու պատերազմ, անդին՝ Թիֆլիսի մէջ, տեղի կ՛ունենան քաղաքական անակնկալներ:
– Ռուս բանակի մեկնումէն ետք, Կովկասի ամբողջ տարածքը, որ կը կառավարուէր երեք ժողովուրդներու ՍԷՅՄ կոչուած դաշնակցային կառավարութեան մը կողմէ, կը կազմալուծուի:
26 Մայիսին, վրացիները յանկարծ կը քաշուին ՍԷՅՄէն եւ կը յայտարարեն Վրաստանի հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ատրպէյճանցիները նոյնպէս կը լքեն ՍԷՅՄը եւ կը յայտարարեն Ատրպէյճանի անկախութիւնը։
Հայոց Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ, ստեղծուած կացութիւնը նկատի առած, եւ հաստատելէ ետք, որ ՍԷՅՄը արդէն իսկ քայքայուած է, հայ քաղաքական բոլոր հատուածներուն եւ կազմակերպութեանց հաւանութիւնը առնելէ ետք, յանուն հայ ժողովուրդին ինք եւս կ՛որոշէ պաշտօնապէս յայտարարել Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութիւնը։
Աւետիս Ահարոնեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ Յովհաննէս Քաջազնունի կը բանաձեւեն հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ իբրեւ պատմական հռչակագիր, կը կարդացուի եւ կը հրապարակուի 1918ի Մայիսի 28ի օրը, կէսօրուան ժամը 12ին.
– Սիրելի Ժողովուրդ,
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջականութեան լուծումով եւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ Հայոց ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարած է հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւնը: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմել հայոց կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները (գործունէութիւնները-Խմբ.)՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Արիւնալի ճակատամարտներէն եւ հպարտալի յաղթանակներէն ետք, հայ ժողովուրդը կը դրուի ազգային իր մեծ երազի իրականութեան առջեւ.
ժողովուրդը մեծ նեղութիւններու մէջ է:
– Արեւմտեան Հայաստանի ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ շուրջ 300,000 գաղթականներ անօթի, հիւանդ, անգործ, անպատսպար՝ լեցուցած են երկիրը:
– Դժուար է նոյնիսկ ուտելիք գտնելը:
– Նիւթականի տագնապը՝ մեծ:
– Կը բացակային կառավարման գրեթէ բոլոր մարզերը:
– Չկայ բաւարար ոստիկանական ուժ՝ օրէնքի եւ ապահովութեան հսկողութիւն ապահովելու:
– Տագնապ՝ ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական:
– Տեղացի թուրք-ատրպէյճանցի բնակիչներ կը կատարեն քաղաքային անկանոնութիւններ. կը խռովեն ընդհանուրի անդորրութիւնը։
– Չկայ կրթա-դպրոցական դրութիւն:
– Չկան առողջապահական, ընկերային, բարեսիրական բաւարար օգնութիւններ:
Քաղաքական քաղաքացիական կեանքը՝ պիտի սկսէր ոչինչէն:
Այս տխուր պատկերին դէմ, անկախութեան գաղափարը կը մնայ ժողովուրդին մեծագոյն յոյսը:
Հայ քաղաքական միտքը կը սկսի աշխոյժ եւ հարուածային աշխատանքներու, ժողովուրդի կեանքը վերակազմակերպելու եւ ստեղծելու բնականոն վիճակ ամէն մարզի մէջ:
***
Շուրջ երկու տարուան շրջանի մը մէջ, կը կատարուի զգալի բարեփոխութիւն, նորահաստատ հանրապետութեան կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Կը ստեղծուի խորհրդարան, օրինապահ ուժ, նախարարութիւններ, պաշտօնէութիւն՝ անհրաժեշտն ու անմիջական ծառայութիւնները մատուցելու համար ժողովուրդին։
Կ՛աշխուժանայ քաղաքական կեանքը: Խորհրդարանը կը սկսի կանոնաւոր ժողովներ գումարել, կը մշակուին նոր օրէնքներ, կը կազմուին նոր կառավարութիւններ:
Երկրին մէջ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, իրարու կը յաջորդեն վեց կառավարական դահլիճներ:
Առաջին դահլիճը՝ վարչապետութեամբ Յովհաննէս Քաջազնունիի: Նախարարներ՝ Ալեքսնատր Խատիսեան, Արամ Մանուկեան, Խաչիկ Կարճիկեան, Զօրավար Յ. Հախվերդեան, Արտաշէս Բաբալեան:
Երկրորդ դահլիճը՝ դարձեալ վարչապետութեամբ Յովհ. Քաջազնունիի: Նախարարներ՝ Ս. Տիգրանեան, Արամ Մանուկեան, Զօրավար Յ. Հախվերդեան, Էնֆիաճեան, Ս. Յարութիւնեան, Մ. Աթաբէկեան, Լ. Ղուլեան, Խ. Կարճիկեան եւ Զօրավար Քր. Արարատեան, որ կը փոխարինէ Զօրավար Հախվերդեանը:
Երրորդ դահլիճը՝ վարչապետութեամբ Ալեքսանտր Խատիսեանի: նախարարներ Ս. Մանասեան, Զօրավար Քր. Արարատեան, Յ. Չմշկեան, Մելիք Ղարագէօզեան, Ս. Թորոսեան, Ք. Վերմեշեան եւ Գ. æաղէթեան:
Չորրորդ դահլիճը՝ դարձեալ վարչապետութեամբ Ալեքսանտր Խատիսեանի: Նախարարներ՝ Ա. Գիւլխանդարեան, Ս. Արարատեան, Ա. Սահակեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ Զօրավար Քր. Արարատեան:
Հինգերորդ դահլիճը, որ կը կոչուի նաեւ ՀՅԴ Բիւրօ Կառավարութիւն, վարչապետութեամբ՝ Համօ Օհաջանեանի: Նախարարներ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան, Ա. Գիւլխանդանեան, Արշակ æամալեան, Սիմոն Վրացեան, Ս. Արարատեան եւ Գ. Ղազարեան:
Վեցերորդ եւ վերջին դահլիճը՝ վարչապետութեամբ Սիմոն Վրացեանի: Նախարարներ՝ Դրօ Կանայեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Արշակ Խոնդկարեան, Արշակ Յովհաննիսեան եւ Վահան Մինախորեան:
Հայաստանի Առաջին Անկախ Հանրապետութեան շրջանը վերջ կը գտնէ վեցերորդ դահլիճին օրով, անգամ մը եւս թրքական ներխուժումով, նաեւ՝ Համայնավար Ռուսաստանի կողմէ կազմակերպուած ներքին յեղափոխութիւններով եւ զինուորական ճնշումներով:
Հայաստանի կառավարութիւնը ակամայ իշխանութիւնը կը փոխանցէ համայնավար ղեկավարութեան՝
1920 Դեկտեմբեր 2ին:
ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ
Շուրջ երկու եւ կէս տարուան կարճատեւ Հայկական Առաջին Հանրապետութեան կեանքին մէջ յիշատակութեան արժանի են, ի միջի այլոց՝ հետեւեալ իրագործումները.-
– Ռուսերու մեկնումով, երկրին էջ ստեղծուած գրեթէ անիշխանական վիճակին վերջ տրուելէ ետք, վերահաստատում քաղաքացիական կարգ ու կանոնի:
– Հայերէնը կը դառնայ պաշտօնական լեզուն, կառավարական եւ քաղաքացիական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
– Կը բացուին հարիւրաւոր հանրակրթարաններ, կը հաստատուին նոյնիսկ գիշերային ժողովրդային դասընթացքներ՝ գիր-ընթերցում եւ լեզու ուսուցանելու:
– Մեծ թիւով տեղանուններ, որոնք դարերու ընթացքին պարսկական կամ թրքական անուններ ստացած էին, կը հայացուին:
1920 թուի Յունուարին, կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով կը հիմնուի պետական համալսարան:
Կը կազմակերպուին առողջապահական, բժշկական ծառայութիւնները։
Կը վերակազմուի բանակը. հայրենիքին ծառայելու զինուորագրութեան դրութիւնը:
Կը հաստատուի պետական Զինանշանը, որուն վրայի չորս մասերը կը խորհրդանշեն պատմական Հայաստանի վերջին չորս թագաւորութիւնները. Արտաշիսեան, Արշակունեան, Բագրատունեան եւ Ռուբինեան:
Կը ճշդուի հայկական դրօշի Եռագոյնը. կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, իբրեւ հայկական պետականութեան խորհրդանիշ:
Գոյները կ՛որոշուին կատարելէ ետք լուրջ ուսումնասիրութիւններ, որուն կը մասնակցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. հայրապետը, գիտնականներ Յ. Մանանդեան, Ստեփան Մալխասեանց եւ Էջմիածնէն հայագէտներ:
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը բացուին հայկական դեսպանատուներ:
1919 Յունիսին, 80 պատգամաւորներով (երեսփոխան) կը կազմուի առաջին խոըհրդարանը։
Կը հիմնադրուին՝ թանգարան, գրադարաններ:
Բազմաթիւ գրողներ արտասահմանէն, մանաւանդ Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն կը հաստատուին Հայաստան։ Կը ստեղծուի գրական, մտաւորական շինիչ մթնոլորտ: Պետութիւնը կը սկսի հոգալ գրողներու ստեղծագործութեանց հրատարակութեան ծախսերը:
***
Անկախութեան իրականացումը ուրախութեամբ տօնախմբելէ եւ անդրադառնալէ ետք այն բոլոր զոհողութիւններուն, որոնք կատարուած են մեր նախնիներուն կողմէ հայութեան մեծ երազը իրականացնելու համար, նորագոյն սերունդը պիտի մտածէ եւ որոշէ՝ գործնապէս ինչպէ՜ս ամրակայել վերանկախացած հայրենիքը եւ մանաւանդ՝ ինչպիսի՜ մասնակցութիւն բերել անոր յաղթական երթին։