Քաղեց՝ ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Շարունակելով ընթերցումներս, յանկարծ ՎԷՄ հանդէսի 1933ի Բ., Գ. եւ Դ. թիւերուն մէջ հանդիպեցայ հետաքրքրական գրութեան մը, որ կը ներկայացնէր մեր ֆետայիներէն մէկուն մէկ տարուան կեանքը, գրի առնուած իր իսկ ձեռքով: Գրութեան խորագիրն էր ՄՈՒՐԱՏԻ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ, մէկ տարուան յուշատետրը ըսենք, կանոնաւոր օրական հերթականութեամբ: Թուականները յստակ էին. 1915 Յունուարէն մինչեւ 1915ի Նոյեմբեր 29ը: Առանց օր մը մոռնալու: Յուշատետրի բովանդակութիւնը տարածուած է ՎԷՄի երեք յաջորդական թիւերուն վրայ, որ կը կարդացուի մէկ շունչով:
Մեր պատանութենէն Սեբաստացի Մուրատի լուսանկարը մեզ տպաւորած էր իբրեւ մէկը, որուն կեցուածքը եւ երկար ոլորուած սեւ պեխերը մեզի յարգանք կը պարտադրէին, տակաւին առանց իր մասին շատ բան գիտնալու:
Մենք յաճախ լսած ենք մեր սքանչելի ֆետայիներուն մասին: Աւելի լսած ենք անոնց սխրանքներուն եւ հերոսութիւններուն մասին: Մանաւանդ անոնց համառօտ կենսագրութիւնները գրեթէ նոյնը կը կրկնեն բոլորին մասին: Մուրատի յուշատետրը յատկանշական է անով, որ ան իւրաքանչիւր օրուան մէջ պատահածները գրի կ՛առնէ, դրականը եւ բացասականը՝ միատեղ: Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ անոնք՝ մեր ֆետայիները միշտ քաջառողջ չեն եղած, օրերով անօթի եւ ծարաւ մնացած են, որովհետեւ իրենց ղրկած սուրհանդակները, որոնք կ՛երթային հաց ու ջուր բերելու, յաճախ չէին վերադառնար:
Թէ ի՞նչ եղած է Մուրատի կեանքն ու գործունէութիւնը 1914ի ամառուընէ մինչեւ Յունուար 1915՝ յայտնի չէ: Իր յուշագրութիւնը կը սկսի 1915ի Յունուարէն եւ կ՛երկարի մինչեւ նոյն տարուան Նոյեմբեր 29: Պարբերաթերթը կ՛ըսէ նաեւ. «. . . Երբ Սարըղամիշի տակ ջարդուած՝ Էնվէրը վերադառնում էր Պոլիս, Սեբաստիայում սիրալիր տեսակցութիւն է ունենում Մուրատի հետ: Էնվէրը այնքա՜ն ուշադիր ու քաղցր է լինում Մուրատի վերաբերմամբ, որ սա արձանագրում է իր յուշատետրում. «շատ լաւ տպաւորութիւն թողուց ինձ վրա(յ)», թէեւ անմիջապէս շտապում է աւելցնել. «եթէ կեղծ չէ». . . Էնվէրներն ու Թալէաթները վարժ էին կեղծելու իրենց իսկական զգացմունքներն ու մտածումները: Էնվէրի կեղծ ըլլալը յայտնի դարձաւ շատ շուտով:» Եւ կու տայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:
Մուրատի խումբը նախապէս բաղկացած եղած է 7 հետեւակներէ եւ չորս ձիաւորներէ: Կը նշուին բոլորին անունները: Մուտքի գրութիւնը կ՛աւելցնէ. «Իրենց թափառումների ընթացքին Մուրատն ու Եղօն պահել են օրագիր. մատիտով, անվարժ շարադրութեամբ, յուշատետրում օրը օրին արձանագրել են իրենց տեսածն ու լսածը, զգացածն ու մտածածը: Հրաշքով միայն այս տետրակները ազատուել են եւ մասամբ օգտագործուել տիկ. Զապէլ Եսայեանի կողմից: Մենք ի վիճակի ենք, Մուրատի մահուան 15ամեակի առթիւ, տալու նրա յուշատետրը հարազատ ընդօրինակութեամբ: ՎԷՄ կ՛ըսէ նաեւ իր մուտքին մէջ «թէ հրատարակելով Մուրատի օրագիրը՝ մեր նպատակն է հում նիւթ հայթայթել Սեբաստացի մարտիկի կենսագրութեան համար եւ կենդանի վկայութեամբ, պատկերացնել այն զարհուրանքը, որին ենթարկուեց մեր ժողովուրդը բարբարոս թիւրքերի կողմից: »
Գալով ինծի, ես կը փափաքիմ ամփոփ կերպով տալ իր յուշատետրի յատկանշական քանի մը պարբերութիւնները, հակառակ անոր, որ տուեալ յուշատետրը կը պարունակէ շուրջ մէկ տարուան արձանագրութիւններ: Նկատեցէք, որ նախնական ուղղագրութիւնը պահպանուած է:
Յուշատետրին առաջին օրը՝ հինգշաբթի Յունուար 1, 1915. Մուրատ այսպէս կը սկսի. «Գիշերով եկաւ մայրս: Եղբայրներս որսէն եկան. հետերնին բերեր են բադ եւ ձուկ: Սեղան սարքեցինք: Շատ ուրախութիւններից վերջ՝ ահը սրտերնիս, շարունակ մտածում էինք, թէ ինչպէս. . . (մնացեալը անընթեռնլի է):»
Քանի կը շարունակեմ ընթերցումս, ես զիս աւելի յանցաւոր եւ աւելի պզտիկ կը զգամ, Մուրատի եւ իր նման հսկաներու կողքին:
Զապէլ Եսայեանի գրուածքին հիմը Մուրատի բանաւոր պատմութիւնն է, յուշատետրի անմիջականութիւնը չունի: Խմբագիրը կ՛ըսէ. «Մուրատի արած կարճ, անսեթեւեթ եւ պարզ արձանագրութիւնը անհամեմատ աւելի ցնցող է»: Շարունակելով՝. . . . . . .
16 Մարտ. Եթէ թիւրքերի մէջ դիւանագէտ ըլլար, Թիւրքիան այս պատերազմին չէր մասնակցեր եւ բարենորոգումները կանոնաւոր կերպով կը գործադրէր: Թիւրքիոյ վեհապետութիւնը կը շարունակուէր դեռ 36-40 տարի այս ընթացքին մէջ: Եթէ քաղաքակրթւէին, ապագային փրկւած կ՛ըլլային: Իսկ եթէ այս ընթացքի մէջ մնային, կը կորսուէին 40 տարիէն վերջ: Եւ այս բարբարոսութիւնները չէին ըներ, որ որդւոց որդի պիտի մնան: Թիւրք անունը թուքի, մուրի եւ ատելութեամբ պիտի յիշւի եւ շուտով պիտի վերջանայ:
Հայերուս ապիկարութիւնն ալ այս է, որ այս պատերազմին ռուսաց կողմը բռնեցին եւ մասնակցեցան բացարձակ կերպով: Սխալ էր: Թէ Թիւրքիան եւ թէ մենք չէզոք մնալու էինք, որպէսզի մեր գոյութիւնը պաշտպանէինք համաշխարհային պատերազմին մէջ. . . Ռուսիան հայի գոյութիւնը չի ուզեր: Ազգերը իրենց անկախութիւնը կը կորսնցնեն խելքի պակասութենէն: Գերի ազգերը կը փչանան նորից խելքի պակասութենէն:
18 Մարտ. Ամէն կողմ թալան ու կոտորած. . .
27 Մարտ. Այսօր թիֆոյի բռնւեցի. հիւանդութիւնս ծանր է: Կառավարութիւնը կը հետապնդէ սաստիկ կերպով: Երկու եղբայրներս փախստական: Անբարտաւան կառավարութիւնը ամենքը կ՛ուզէ փչացնել: Մարտիրոսցիները (Տուզասարցիները) շատ լաւ վերաբերում ունին:»
Մուրատի հիւանդութիւնը հետզհետէ կը ծանրանար, ըստ իր գրութեան: Վատ լուրեր կը հասնին ամէն կողմէ:
«30 Մարտ. Այսօր այլեւս առանց ուրիշի օգնութեան չեմ կարող շարժւել: Գիշերը հասաւ: Երեկոյեան ընկերները եկած-նստած են: Գլուխս վերցուցի, որ՝ բոլորը կուլան: Հազիւ հազ ես ինծի զսպեցի:
Ըսի. «Տղերք, ես այս հիւանդութենէն չեմ մեռնիր»: Ճիշդ այդպէս կը թուէր:
31 Մարտ. Կուսակալը կազմեր է 100 հոգինոց ձիաւոր խումբ՝ գիւղերը քանդելու եւ ինծի ձեռք ձգելու կամ սպաննելու համար: Ինծի բեռցած ձիու մը վրա տարին դրին հողի մը տակ, ուր հազիւ երեք մարդու տեղ կայ:
1 Ապրիլ. Թալանիչ աւազակին մէկ մասի մօտերը հասնելու լուրը հասաւ: Ինծի ըսին, քեզի պիտի փոխադրենք: Նորից ձիուն բարձան. երբեմն ալ շալակով: Երկու ընկեր հետս, գիշերը ժամը 7ին ինծի հասցուցին լեռը, խրճիթ մը դրին: Տեղս անտանելի էր:
2 Ապրիլ. Երկու ձի երեք ընկերներով դուրս եկանք լուսաբացին ձորը: Ցուրտն ու անձրեւը սաստիկ էր: Եկած էին գիւղացիները: Մինչեւ երեկոյ մնացին: Խօսք տալով որ մեզի պաշար բերեն՝ փախան ու ալ չեկան: Մնացինք սոված, ծարաւ: Ձորը թրքուհիներ եկան, տեսան մեզ, ինծի հաց տւին ու հեռացան՝ խոստանալով միշտ բերել:
3 Ապրիլ. Ելանք Զիարաթին տակը, ձորը: Շիշով կաթ բերին. խօսք տւին պահել 8 օր 3 ընկերներով: Մնացի շւարած: Ստիպւած ցրւեցինք: Մտանք քարայր մը: Օդը վատ էր: Մեր տունը հրդեհելու լուրը եկաւ: Նոյպէս՝ ուրիշ տների: Բոլոր գիւղերը ճնշման, տանջանքի տակ են: Ոչ մէկ տեղէն ոչ մէկ մխիթարութիւն: Բոլոր ժողովուրդը կ՛անիծէ ինձ, որ իմ պատճառով է որ կառավարութիւնը կը ճնշէ իրեն: Հաւատացեր է: Մեզ տեսնողները սարսափով կը փախին: Բացարձակ կերպով մերժեցին, նոյն իսկ ընկերները զրկեցին զիրենք հացէ ու պաշարէ: Հայերը լեռներէն վար իջան՝ մեզնից խուսափելու համար:
5 Ապրիլ. Մէկ օր եկանք գոմերը: Աւերակների վերածւած էին: Գոմին մէջ մէկ ճուվալ ալիւր մնացած էր: Երկու հակ ալիւր առինք ու պահեցինք նեղ օրերի համար: Երկու օրւայ ցամաք հաց պատրատեցինք ու գնացինք գիւղին անտառը:
6 Ապրիլ. Ճիհին գիւղին համակիրներն իսկ կ՛ուզեն հաւատացնել, թէ իմ պաճառով է որ կառավարութիւնը ճնշում կը դնէ: Երկու ժամ գոմին մէջ: Տիկինը աւելի ազնիւ գտնւեցաւ ըսելու որ բացարձակ զինաթափ ընելու համար է:
9 Ապրիլ. Աղ Քարում: Ժամը առաւօտեան ժամը մէկին սաստիկ ձիւն սկսեց տեղալ: Նեղւեցինք. իջանք հովիտը: Կրակ վառեցինք, լաւ տաքացանք: Կ.Կ.էն եկած էր մէկը. 3 օխայէն աւելի հաց բերեր էր. լաւ կերանք: Մթանը քաշւեցինք դէպի Շիվայի ծառաձորը: Գիշերւան ժամը 2ին լուր եկաւ, որ բարձրանանք Զիարաթի գոմերը: Ձիւնին վրայ հետքերը յայտնի կը լինէին: Ցախեր կապած՝ քարշ կուտանք խումբի ետեւէն: Բոլորս մէկ հետքով գնալով հասանք:
15 Ապրիլ. Խմբին համար հեռադիտակը կենսական խնդիր է: Զիարաթից կը դիտէինք Կաւրա, Գոմեր, կառավարութեան աւազակախմբերը քար ու քանդ կ՛ընէին: Ընկերները կը կատաղէին. կ՛ուզէին կռուել: Ես անկարող էի քայլել. նոյնիսկ աչքիս լոյսը կարճցած էր: Բացի այդ դեռ կանուխ էր գործի սկսելու: Ժողովուրդը ոչխարի պէս զէնքը յանձնելէ վերջ կը մնար անզէն:
Բոլոր գիւղերը զինաթափ եղան: Նոյն պատասխանը համարեա շատ տեղերէն: Փախստական զինւորների կամ ընկերների ծնողները մեզ կ՛անիծէին եւ կ՛ըսէին. «Աման, այն շանը». . . եւ անէծքներ կուտան եւ կ՛ըսեն թէ իրենց տղոց կ՛ուզեն մատնել կառավարութեան ձեռքը: Լուրեր կը տարածեն, որպէսզի կառավարութիւնը ձեռք անցնէ: Ընկերներին իրենց տները կը ղրկէինք: Սարսափահար կը փախէին ու կուգային, նոյնիսկ առանց իրենց համար ուտելու բան բերելու: Ատելի մնացինք ընկերներով, բայց սիրելի պիտի մնանք մենք:
30 Ապրիլ. Երեք օր է ցամաք հացով ենք: Ես հիւանդութենէ նոր ելած, կոսպի ուտելով լեզուս վէրք է ելած: Օդը անձրեւային է: Տեղերնիս ցուրտ է: Աշտարակին դիմաց ենք նստած: Ընկերներուս մէջ գաղափարականը հազւագիւտ կը ճարուի: Խօսքից առաջ անցնողներ շատ քիչ կան: Ասպետութիւնը անպայման ցեղային է: Սեբաստիոյ ժողովուրդը աւելի թուլամորթ է քան թէ ուրիշ տեղեր:
4 Մայիս. Առաւօտեան ժամը 12ին պահապանները վազելով եկան, թէ ձիաւորները պաշարած են: Մշուշը պատած էր թէեւ, բայց աւելի իրենց անտարբերութենէն էր: Դուրս ելանք թէ չէ՝ պոռացին. «թեսլիմ, թեսլիմ»: Կրակով պատասխանեցինք. փախան. . .
8 Մայիս. Ծեր մայրիկին տունը: Բոլորը գաղտնապահ՝ մեծէն մինչեւ փոքրը: Գուրգուրանքը չափէն աւելի է: Տեղիս իգական սեռին անկեղծ վերաբերմունքը: Իրենք իրենց դոշերէն զարդերը կը հանէին որ մեզ տան: Այս զգացումը մեզ համար շատ աւելի խոշոր գրաւական էր, քան թէ դրամը:
22 Մայիս. Արծւանիկ ենք: Արծւանիկը աւերակ է. 20 մարդ սպանւած է: Տները այրւած են. հազիւ կարողացանք ներս մտնել: Խեղճ ժողովուրդին համոզեր են, թէ միակ պատճառը ես եմ. . .
29 Մայիս. Հին բարեկամի մը հիւր ենք Քարաձորում:
Հայ դաւաճաններ ալ լիրբ կառավարութեան հետ ձեռք ձեռքի տուած կը քանդեն գիւղերը:
31 Մայիս. Խենդին առաջնորդութեամբ հասանք Սուրբ Տաճար: Օդը մաքուր էր, բայց ջուր չկար: Այստեղ մեր դրացիները միմիայն արծիւներն ու մորեխներն են: Արծիւ շատ կայ, բայց մորեխ՝ աւելի շատ: Սովի նշան է:
26 Յունիս. Ոձիկի մէջտեղի լեռը: Առաւօտեան ժամը ութին-իննին եկան տղերքը կողոպտողները: Մեր տղերք վարպետութեամբ ձերբակալեցին: Տեսանք տղերքի գօտիները, դաշոյնը եւ այլ վրաները: Ղրկեցինք պէտք եղած տեղը. . .
30 Յունիս. Սուրբ Տաճար: Առաւօտեան ժամը 9ին հասանք: Ձիերի սմբակների տեղերէն յայտնի է, ոը խուզարկուեր է լեռը: Ձերբակալութիւն կայ-չկայ՝ մեզի յայտնի չէ: Գետափ տեղն է: Քոչերի առաքումը սոսկալի է. օրական 300 սայլէն աւելի կանցնի: Առանց բացառութեան բոլորս ալ անօթի ենք: Հացի նշան չի կայ:
1 Յուլիս. Գտանք ընկերներին: Խուզարկւեր՝ ձերբակալութիւն չի կայ: Շրջակայ գիւղերը դատարկւած են, Գետափէն զատ: Այսօր վանք եկան քոչւորները, թուրքեր 300 սայլից. միս եկաւ, կերանք: Հաց չի կայ, ջուր չի կայ: Կը յուսամ, թէ այս ամսուն պատերազմը վերջ կը գտնէ:
2 Յուլիս. Սուրբ Տաճար: Նոյն դիրքերի մէջ: Գետափէն 3 տղայ խօսք կուտան 200 տղայով գործի սկսիլ. դժբախտաբար, զէնք չունին: Աստուած յաջողութիւն տայ, տեսնենք: 5 պառխանայ քոչ անցաւ: Բոլորը թալանւած են եւ կը թալանին: Տեսարանները սոսկալի են: Մաղարայի կողքի ձորերը դիակներով լցւած են: Այսչափ լիրբ կառավարութիւն: Կէմէրէկից 300 տղաներ տարեր սպաներ են: Չոպան Տէրէսիէն 87 մարդ սպանած են: Նոյն տեղը քաղաքէն եւ գիւղերէն 800 տղայ սպանած են:
3 Յուլիս. Նոյն դիրքերումն ենք: Սուրհանդակ ղրկեցինք՝ տեղեկութիւններ, եւ բոլոր փախստական ընկերները կանչելու: Թուրքերը միջին դարու բարբարոսութիւնները կը գործադրեն: Քոչւորներէն ամէն տեսակ գոյքեր կը խլեն-կը քաշեն տուն: Մէջի երիտասարդները կը սպանեն սուվարիները: Պաշտօնեաները թալան կ՛ընեն: Լիրբ ազգ, լիրբ կառավարութիւն: Պատիւ ձեռք չի տւող կիները կը սպանեն: Եայլիով եկող զապիթներու թալանին ականատես եղած ենք: Այս գրածներս մէկ հարիւրերորդն է: Նման բան ոչ պատմութիւնների մէջ եւ ոչ ալ աչքով տեսնւած է, բոլորը կը նսեմացնէ, բոլորը, բոլորը: Տղամարդիկ անխնայ կը սպանւին՝ ձեռքերնին կապւած. . .
5 Յուլիս. Ս. Տաճար: Ութը տարեկանէն վեր տղամարդիկ կը սպանւին: Աղջիկ, հարս, բոլորը բռնաբարւած են: Դարթինայի յետեւից հարսի մը պատիւը ձեռք չի տալուն զարկած-ձգած էին ճանապարհին, որ 24 ժամ մնացած էր անպաշտպան: Այսպէս հազարներ կան: Մեր ղրկած սուրհանդակներից նորից լուր չկայ:
Ժանդարմաները քաղաքի քոչւորներէն զատած 10էն 15 տարեկան 30 տղայի թեւերը կապած՝ կը սպանեն կը նետեն. մէկ երկուսին քարով գլուխները կը ջախջախեն: Այս բոլորը կ՛ըլլայ քոչւոր կնիկներու ներկայութեամբ:
12 Յուլիս. Սեւ Բլուր մարմինը կորած է: Նամակնուս պատասխան չի կայ: Եկողները գերմանացի զապիթներ են եղեր, ու գնացած են: Դպրոցի աշակերտները թլփատեր են: Դատարկած հայ գիւղերը թուրք մուհաճիրներ լցած են:
13 Յուլիս. Սեւ բլուրի ընկերների ղրկած սուրհանդակները չի կան: Անշուշտ, սպանւած են: Անհրաժեշտ է մարդ ղրկել: Երեկոյեան ժամը մէկին ղրկեցին Սեւ Բլուր երկու սուրհանդակ:
Պատմութեան մէջ եզակի տեղ կը բռնէ Խանում Շահինեանը: Երբ կը տեսնէ, որ ջրի գնացած ընկերները պաշարւած են, ատրճանակը ձեռքը կը յարձակի քովը եղած ընկերների հետ: Պաշարւող ընկերները կը խալսին, իրենք կը պաշարւին: Երկու ժամ կռւէն վերջը, կը զարնւի հինգ տեղէն եւ կընկնի անշնչացած: Պատիւ ու յարգանք քեզի, հերոսուհի: Եթէ ամէն մէկ հայ այր եւ կին քեզ նման լինէին, իժի ձագերը այսքան չէին ամբարտաւաննար, եւ ազատած կը լինէինք:
17 Յուլիս. Ս. Տաճար: Մեր սուրհանդակները չեկան: Չորս գիշեր եղաւ գնալնին:
Այսօրւան Մաղարա եկած քոչը որտեղացի ըլլալը չի գիտենք, բայց անշուշտ հայ են: Թալանը, առեւանգումը կը շարունակւին: Սպանութիւնները վերսկսան: Մարդոց կռտել, ներքինի շինել սովորական բաներ դարձած են: Հային կեանք, պատիւ, ապրանք չի մնացեր: Մալաթիայէն եկած թուրքերը պատմած են, թէ բոլոր ժողովուրդը մերկացուցած են: Սով է: Աղջիկ, հարս՝ մանր տղայ թուրքերը աշիրէթները կը քաշեն, կը տանեն: Նոյնպէս պզտիկները: Անէծք, բիւր անէծք անոր որ թուրքի վրէժը չի լուծեր եօթը պորտէն անդին: Միջին դարերու բարբարոսութիւնը կը նսեմանայ: Կտակ կընեմ ողջ մնացողներուն. թող թուրքին չի խնայեն՝ ծեր թէ երիտասարդ: Անշուշտ, կարդացողները պիտի քննադատեն ինձ որպէս ոճրագործութիւն սիրող: Եթէ իմ աչքովս տեսածները եւ ընկերներիս տեսածները ընթերցողը տեսած ըլլայ, կարելի է մեռելներուն ալ կտակէ, որ վրէժխնդիր ըլլան:
Մաղարայի առջեւ, 25 հատ քաղաքացի պատանիներ թեւերը կապած մէկ-մէկ կը սպանեն: Երբ կը տեսնեն, որ դեռ սպանւած չեն, քարերը ձեռքերնուն մէջ առած՝ քուֆթա ծեծելու պէս գլուխնին ջախջախած են: Այս անգթութեան սիրտ չի դիմանար: Այսպիսի գազանութիւն միայն թուրքին յատուկ է: Ճանապարհին վրա գտնւած թուրք գիւղացին իսկ քաղաքացու թալանով հագւած է եւ հովանոցը ձեռքը կը պտտէ: Նոյնը՝ քիւրդ եւ թիւրք հովիւները: Հեռադիտակով կը նայինք. ամէն օր քիւրդ կիները, չէրքէզները թալանի կուգան եւ բեռներ կը տանեն: Պատւի մասին խօսք անգամ չըլլար. մաքուր կին, աղջիկ թողուցած չեն: Քաղաքին մէջ թիփովիդ (պահեստ) շինած են Քարտալեան. . . . . ., Սերչի խանը, Թելերի տակի խանը, Մաղարան, Տէլիք Թաշ եւ այլն: Այս բոլորը պաշտօնական ձեւով կը կատարւի: Անպաշտօնը պակաս չէ: Չէ լսուած թուրքի բերնէն, որ ըսւի, թէ այսչափը անգութ գազանութիւն է: Քաղաքացի թէ գիւղացի մերկացած են, սովի մատնւած:
23 Յուլիս. Սագաձորի հիւսիսը, Տուլաք լեռը: 48 փախստականներ կան՝ մանուկ, ծեր, ճահիլ: Բոլորը բոլորից զրկւած: Ոչ մէկ բան չէր մնացած: Մտածում են ու ախ քաշում: Եթէ լուրջ մտածես, խենթանալը ոչինչ է: Երէկ պատիւը պահած էր, այսօր անպատււած: Երէկ հարուստ էր, այսօր հացի կարօտ: Երէկ շէն էր, այսօր աւերակ: Երէկ ողջ էր, այսօր մեռած:
25 Յուլիս. (վայրը անընթեռնելի) վրան: Առաւօտ ժամը 10ին տեսանք որ պաշարած են: Ձիաւոր ոստիկաններ կը պոռային. «անձնատուր եղէք»: Մենք սպանեցինք իրենցմէ հինգ հատ ոստիկան, 4 հատ ձի, եւ 2 հատ վիրաւոր: Տղերքը աշխուժով կը կռւին: Մէջները վնաս չկայ:
29 Յուլիս. Ս. Տաճար: Տեղերնիս փոխեցինք: Կիրճը: æուր ալ չունինք, հաց ալ չունինք: Չորս կողմերնիս հսկողութեան տակ է: Երեկոյեան մարդ ղրկեցինք հացի. պարապ եկան: Խօսքերնուն նայիս նէ՝ երեք ոստիկաններ լրտեսելու ելած են պատահած են իրենց:
30 Յուլիս. Լոյսը բացւեց: Հաց չունինք երկու օր է: Աստւած կարծես համբերութիւն կուտայ. ջուրի ալ պակասը այնչափ չենք զգար: Ոչ մէկ տեղից եւ ոչ մէկ յոյս կայ: Բայց Աստւած պիտի հասցնէ, անշուշտ, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը:
Այ, խեղճ ազգս, ինծի կը հայհոյես ու կը նախատես, որ իմ պատճառով է անբարտաւան թուրքը քեզ կը սպանէ: Խեղճ ժողովուրդ, եկուր յետեւէս, զէնք վերցուր, զէնք, որ փրկւես. ուրիշ փրկութիւն չի կայ: Զէնքը կարիք մըն է, անյետաձգելի կարիք մըն է: Հայ ժողովուրդ, դուն ինձ կը հալածես քեզ սպանողին հետ միացած, անգիտօրէն կը մատնես, կատես, բայց սխալած ես. եկուր յետեւէս: Այս է փրկութեան ճամբան: Գիտեմ՝ վաղը պիտի զղջաս իմ դէմ գործած չարիքիդ համար, բայց ուշ պիտի լինի:
4 Օգոստոս. Ս. Տաճար: Երկու օր առաջ մեզի հետապնդող զօրքը գնաց Ուլաշ: Մնաց երէկի գնացածը:
Այս գիշեր եկան Սագաձոր գնացած ընկերները: Սագաձորէն ոչ մէկ ձեբակալւած մարդ չի կայ: Ոստիկանները եւ զինուորները սաստիկ կը խուզարկեն լեռները: Ընկերները մէկ-մէկ քիչ ալիւր-ջրով շաղւած արեւը ձգած են որ չորնայ ու ուտեն: æուր չունեցողն ալ զուտ ալիւր կ՛ուտէ: Իսկ երէկ ոչ ալիւր կար, ոչ ջուր եւ ոչ հաց:
12 Օգոստոս. Հայերի ցանքերը հասեր են ու շատերը պառկած են: Թուրք կառավարութիւնը քաղել կուտայ, կարծես իր սեփականը լինի: Հարեւան գիւղերը աղըլների փայտերը գողցեր են. սայլերի հետքից յայտնի է: Այս գիշեր դէզերին քով կէս ժամ նստանք, ցորեն թափ տւինք. ցորեկով չենք կարող աղանձ ընելու:
14 Օգոստոս. Ք.Ն. 4 օր է հաց չունինք: 3 օր է աղանձով կը բաւականանանք: Այն ալ առանց վտանգի ձեռք չանցնիր: Բոլորովին ուժասպառ եղած ենք: Կազդուրուելու համար սնունդի պէտք ունինք: Աչքերնիս դաշտին վրա է, թէ անտէր մալ մը չի՞ մնացեր՝ երթանք ու բերենք:
Երեկոյ եղաւ: Ամէնքը քաշուեցան տուները: Մենք մնացինք անտէր: Մեզմէ աւելի անտէրը չի կայ: Նշանը, Մելիքը եւ ուրիշ մը ղրկեցինք միս բերելու: Կը պատահին երկու ձիաւորի: Ձիաւորները կրակ կընեն հայհոյանքով: Պատախան ստանալով կը քլորւին գետին: Նորից մնացինք առանց սնունդի: Մայիս 25էն սկսեալ առանց աղի հաց ուտելնուս ուղեղնիս ալ, շունչերնիս ալ հոտած է: Աս ալ կանցնի: Ամէն ինչ կը տանինք, միայն թէ մենք մեր վրէժը լուծենք:
16 Օգոստոս. Աստւածածնի Կիրակի.- Առաւօտեան հասանք Եարասարի դիմացը: Աղանձը լեզուներու վրայ վէրք է բացած: Քայլ առնելու կարղութիւն չի կայ: Ժամը 10ին ճամբայ ելանք: Ընկերներս ազատութիւն կամ մահ կը խնդրեն: Ես մահ չեմ ուզեր. ազատութիւնը կուզեմ տեսնել:
28 Օգոստոս. Ղզըլթէփէի հարաւային կողմը, Սարուն: Այսօր շատւոր ենք: 3 ոչխար մորթեցին, լաւ կերակուր կար: Ովսաննա անունով օրիորդ մը կայ,, հաց կեփէ: Համեստ է: Թուրքերը փախուցած էին. այնտեղից փախած է: Շատ ազնիւ է, քայլերուն մէջ ճարպիկ: Իգական սեռի տղամարդկանց մէջ գտնւելը որոշ նշանակութիւն ունի. մարդիկ կը զգուշանան անկարգ խօսք խօսելէ: Շատ եւ շատ տեսակների համար իր օգուտները ունի:
29 Օգոստոս. Նոյն դիրքերն ենք: Բաւական կազդուրուած ենք: Սուրհանդակներ ղրկած ենք երկու կողմ: Մէկ կողմէն եկան, միւսէն դեռ չեկան: Գուցէ մատնւեր են… Անոնք ալ եկան: Լուրերը լաւ են: 3 հոգի եւս եկան: Պատահեցին եօթը փախստականներ, 4ը բռնեցինք, 3ը փախան: Թուրք ձեւացանք. պատմեցին, թէ որչափ ոճիրներ եւ բռնաբարութիւններ կատարած են: Պէտքը կարգադրւած է. . .
31 Օգոստոս. Նոյն դիրքեերն ենք: Լուրերը միեւնոյն տեսակի են. Կարնոյ անկումը կը ճշտեն: 40-50ի չափ գերմանացի զապիթներ յետ են եկեր. ինչո՞ւ համար է – անհասկնալի է: Զօրքի առաքումը նոյն խստութեամբ կը շարունակուի: Ամէն երեկոյ սուրհանդակներ կերթան-կուգան: Հայը անմիաբան է, կըսեն, սուտ չէ: 2 օր է իրարու քով ենք, սկսեցին խռովիլ իրարու:
11 Սեպտեմբեր. Քոսէ Տաղին հիւսիսի գոմերը: Գիշերը եկան 3 ընկերներ, բերին 2. . . Սուրհանդակներ ալ եկան: Պահապանները լուր տւին 15էն աւելի մարդոց գալը: Անմիջապէս քարը բարձրացանք: Հեռադիտակով որոշւեց, որ փախստական հայեր են. եկան: Ժամը 5ին եկաւ Եուսուֆ Պէյ. զարկինք-ընկաւ:
20 Սեպտեմբեր. Տէքէէն վերեւ, անտառը, հիւսիսի կողմը: Վարդանէն վերջ Արմենակը բռնւած է հիւանդութեամբ. Հէրէզէն Քոռ Գալուստն է ասում. . . 40 ընկերներ կը պտտինք: Թուրք կառավարութիւնը հարիւրներ կը ծախսէ. ժողովուրդին գլխագին դրած է՝ 8 հատը 5 ղրուշ:
***
Եւ այնուհետեւ Մուրատը նետւում է Կովկասահայ այն ժամանակւայ կեանքի եռ ու զեռի մէջ: Մի շարք ժողովներից եւ տեսակցութիւններից յետոյ, նա արձանագրում է յուշատետրում.
«Մեր ժողովուրդը գլուխ չունի, դիւանագէտ չէ: Անցեալում նոյն պատճառով կորցրած է գահը. . . Անբախտ ժողովուրդ, այսպէս պատահած է սկիզբէն. այժմս ալ նոյնը եղաւ:»
24 Մայիս 20090