ԵՐԵՒԱՆ.– Յունիս 9ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2011ի ֆութպոլի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան ընտրական փուլի Հայաստան-Թուրքիա երիտասարդական հաւաքականներու հանդիպումը:
Հայաստանի Ֆութպոլի Համադաշնութեան մամուլի քարտուղարութիւնը երկրպագուներուն կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումի համար տոմսերը արդէն կը վաճառուին :