ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Էն.Էս.».- Պաքու-Թիֆլիս-Ախալքալաք-Կարս երկաթուղագիծի կառուցման յանձնախումբին նախարարական մակարդակի առաջին պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 29ին, Պոլսոյ մէջ:
Թուրքիոյ փոխադրական հարցերու նախարարութեան համաձայն, Ուրբաթ օրուան ժողովին ընթացքին քննուած են երկաթուղագիծին թրքական եւ վրացական հատուածները կառուցելու հարցերը եւ որդեգրուելիք քայլերը: Քննուած են նաեւ ծրագրին նիւթական միջոցներ ապահովելու կարելիութիւնները:
Ատրպէյճանի փոխադրական հարցերու նախարար Զիա Մամատով յայտնեց, թէ երկաթուղագիծը առիթ պիտի ընծայէ փոխադրելու տարեկան աւելի քան մէկ միլիոն ճամբորդ ու 6.5 միլիոն թոն ապրանք:
Ատրպէյճան 200 միլիոն տոլարի վարկ մը շնորհած է Վրաստանի իշխանութեանց, որպէսզի անոնք կարենան ամբողջացնել երկաթուղագիծին վրացական հատուածը:
Աշխատանք կը տարուի, որ առնուազն 422 միլիոն տոլար արժող Պաքու-Թիֆլիս-Ախալքալաք-Կարս երկաթուղագիծի ծրագիրը ամբողջանայ մինչեւ 2011: