ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այս աշխարհին հաճոյալից վայր մը ըլլալուն, եւ մարդկային կեանքը այդ պատճառով դէպի անդունդ ընթանալուն առնչութեամբ, բազմաթիւ ահազանգեր կը հնչեցուին ամէն օր, աշխարհի տարբեր անկիւններէն եւ տարբեր շրթներէ արտաբերուած խրատներով: Հակառակ այդ չարագուշակ ազդարարութիւններուն, Աստուծոյ խօսքը պարփակող Գիրքին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած այս աշխարհը ստեղծեց, ու իր ամէն բարիքներովը դրաւ մարդուն տրամադրութեան տակ՝ մարդն ալ անոր տէր ու տիրական կարգելով: Ո՛չ միայն աճելու ու բազմանալու կոչ ուղղեց իր ստեղծած արարածներուն, այլ նաեւ՝ վայելելու տեսանելի այս աշխարհը իր բոլոր բարիքներով:
Աշխարհի հաճոյքներուն եւ անոնց հետեւանքով մարդուն կրելիք պատիժներուն մասին տրուած վերոյիշեալ ահազանգերուն ամէնէն չափաւորականները կու գան աւանդական նկատուող եկեղեցիներէն՝ Յիսուսի առաքեալներուն, կամ անոնց անմիջական աշակերտներուն կողմէ հիմնադրուած այն կառոյցներէն, որոնք Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ իրենց առաքելութիւնը յառաջ կը տանին մինչեւ այսօր:
Այս ահազանգերը հիմնուած են առաւելաբար Յիսուսի բարոյախօսութենէն եկող, երբեմն պատկերաւոր բացատրութեանց վրայ, որոնք սարսափէ աւելի գիտակից արթնութեան կը հրաւիրեն հաւատացեալները: Հաճոյքը բնաւ չարգիլուիր այնտեղ, այնքան ատեն որ անիկա արգելք չի՛ դառնար հոգեկան եւ ֆիզիքական քայքայումի ու կործանման: Ուրեմն հարցը յառաջ կու գայ այդ հաճոյքին չափազանցումէն, որ հաճոյքը կը վերածէ վնասակար ունակութեան մը:
Այսպէս, գինովութեան հետեւանքով կը քայքայուի աստուածապարգեւ մարմնին առողջութիւնը: Կարելի է թուել աշխարհի տարբեր հաճոյքները, որոնք գրեթէ բոլորն ալ իրենց չափին մէջ ոչ միայն լաւ են, այլեւ՝ ոմանք նոյնիսկ առողջարար:
Աւելի ծայրայեղ ահազանգեր կը հնչեցուին կրօնական խմբաւորումներու կողմէ, քրիստոնէական աղանդներու պատկանող կամ այլ կրօններու, որոնք կեանքը ապրելու այլ տարբերակներ ու ուղեգիծեր կը ճշդեն, եւ որոնք այնքան ալ աւետարանական պատուէրներու վրայ հիմնաւորուած չեն, որքան՝ տուեալ խմբաւորման ղեկավարին փորձառութենէն եկող կամ խելապատիկէն փչած կերպէ մը ներշնչուած: Անոնց մէջ չեն պակսիր անոնք, որոնք աստուածաստեղծ այս աշխարհը կը ներկայացնեն իբրեւ չար իրականութիւն մը, ցաւի ու կոծի վիհ մը, այսպէս ըմբռնուած «դժոխք» մը, կարծէք սատանան ստեղծած ըլլար զայն, ու ցարդ թագաւոր կարգուած անոր: Անոնց համար ամէնէն տարրական հաճոյքներն իսկ՝ թերեւս ուրախանալն անգամ, անընդունելի են եւ «աշխարհիկ»:
Այդպիսիներու համար, որքա՛ն մարդ խորասուզուի հաճոյքներուն յատակը, շատ աւելի ցաւի ժայռեր պիտի յայտնաբերէ, քան՝ երջանկութեան մարգրիտներ: Եւ հոգեւոր հաճոյքները, ըստ այդպիսիներուն, այս աշխարհին վրայ վայելելը անկարելի ըլլալու պատճառով, երբեմն դժբախտ պարագաներու ներքեւ անձնասպանական արարքներու դիմել կը թելադրեն անոնք իրենց հետեւորդներուն, անվախճան ուրախութեան աւելի շուտով միանալու անխախտ յոյսով…: Այդպէս էր որ քանի մը տարիներ առաջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի մը հարիւր անձեր կամաւորաբար հրկիզուեցան իրենց ժողովարանին մէջ, իրենց ապիկար քարոզիչին հետ միասին, այն համոզումով որ այս աշխարհի հաճոյքներէն պիտի ձերբազատուին, եւ գտնեն իսկական հաճոյքը: Անոնցմէ ոմանք թերեւս տակաւին չէին ալ գիտեր, թէ ի՛նչ է հաճոյքը, կամ ինչպիսի՛ն կրնայ ըլլալ այն հաճոյքը, որուն մասին կը պատմուէր իրենց: Ստուգիւ լսած ենք նաեւ երիտասարդի մը մասին, որ խորապէս տպաւորուած իր աղանդաւոր քարոզիչին համոզիչ լեզուէն, եւ վստահելով որ շուտով երկնային փառքի պսակը կը սպասէ իրեն, տուն վերադառնալուն չուան մը կախելով վիզէն՝ իր սենեակին մէջ վերջ տուած է կեանքին…:
Զարմանալի է, որ «հաճոյք» ըսելով՝ մարդու միտքը շուտով անոր աշխարհային տեսակը կ՛իմանայ, ամբողջութեամբ մոռացութեան տալով իմացական, գերանձնական կամ անանձնական՝ հոգեկան մակարդակի վրայ վայելելի հաճոյքները, գոհունակութեան անփոխարինելի զգացումները, որոնք մարդկային հոգիին մէջ դրախտի ճեմարաններ կրնան սալայատակել ադամանդներով, որոնց վրայէն կրնայ ճեմաթռիչ ոստումներ կատարել մարդը հրեշտակային լուսեղէն թեւերով…:
Դրական հաճոյքներու շարքին է նաեւ կարեւոր իրագործում մը կատարելու հաճոյքը: Ոմանք իսկապէս հաճոյք կը զգան, երբ ուրիշներու իրագործել չի կրցածը կը յաջողին կատարել՝ նպաստ մը բերելով մարդկութեան:
Մարդու ֆիզիքականին հետ առնչուած հաճոյքները աւելի «անմեղ» կարելի է որակել, քան անոր ընկերային-բարոյական կեանքին մէջ երեւցող կարգ մը երեւոյթներ, որոնք հաճոյք կը պատճառեն անոր: Բանտերու մէջ մարդ տանջելու նորօրեայ երեւոյթը, հակառակ գերիներու նկատմամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կողմէ ընդունուած միջազգային օրէնքին, փաստօրէն հաճոյք մը եղած է զայն կիրարկողներուն համար: Կան մարդիկ նաեւ, որոնք տարօրինակ հաճոյք կը զգան, ուրիշներուն մեղքերը լսելով ցնցուելէ ետք: Անշուշտ ձեւական վշտակցութիւն մը կը յայտնեն այդ պահուն, սակայն ներքին գոհունակութիւնը ինքզինք կ՛արտայայտէ առաջին պահուան ընթացքին ստացուած լուրի ցնցումէն շատ աւելի ուշ, երբ արդէն քանի մը անգամ միտքին մէջ կը կրկնուի իմացած տեղեկութիւնը, եւ մտապաստառին դիմաց կը պատկերուի եղելութիւնը: Հաճոյք մը, որով կը հաճոյանան անհաճոյ կերպարներ միայն, փոխանակ մարդոց մեղքերուն թեթեւացման օժանդակելու՝ կարելի միջոցներով: Եւ զարմանալի է, որ շատ շուտով կը կապուինք այն հաճոյքներուն, որոնք մեր մէջ բոյն կը դնեն պատահականօրէն, մինչ երբեք չենք կապուիր անոնց ու մնայուն կերպով ի գործ չենք դներ այն հաճոյքները, զորս ուրիշներուն կը պատճառենք մեր խօսքով կամ գործով:
Կենցաղային կեանքի հաճոյքները, ըստ նախորդ սերունդներուն, շատ սահմանափակ էին անցեալին: Իւրաքանչիւր անձ ընդհանրապէս փակուած կը մնար իր գիւղին կամ քաղաքին մէջ, եւ կը բաւարարուէր տեղական կեանքի վայելքով, որուն համար ժամանակ կը գտնէր: Այսօր այնքան բազմազան են մեր հաճոյքները, որ զանոնք վայելելու ժամանակ իսկ չենք գտներ…:
Աշխարհի բոլոր հաճոյքներուն մէջ սակայն կայ տեսակ մը, զոր կարելի չէ փոխարինել այլ հաճոյքով: Աշխատելու հաճոյքն է այդ…: Անգործ մարդը ամէնէն աւելի պատժուած ու զրկուած էակն է այս աշխարհի երեսին: Բնութեամբ ծոյլ մարդուն անգամ, երբ ըսեն թէ պիտի բանտարկուի եւ անգործութեան պատիժ պիտի ստանայ, թերեւս մտահոգուի՝ իր մնացեալ կեանքը ինչպէ՞ս անցընելուն մասին խորհելով: Ասոր կարելի չէ պատասխանել՝ ըսելով, թէ այնպէս ինչպէ՛ս կեանքին առաջին մասը անցուց, նոյնպէ՛ս երկրորդ մասն ալ թող անցընէ: Որովհետեւ հոս իրեն «աշխատանք մը» տրուեցաւ, որ է՝ մտածել իր անգործութեան մասին: Հետեւաբար, ան զրկուած պիտի զգայ ինքզինք հաճոյքէ մը, որ աշխատանքի հաճոյք կարելի է որակել: Աշխատանքը կենսական սնունդն է այս կեանքին, իսկ անկէ ետք ճաշակելի քաղցրեղէնը այն հաճոյքն է, զոր կը զգայ մարդ իր աշխատանքին արդիւնքը վայելելով:
Կեանքը իր հաճոյքներով համեղ է, սակայն գեղեցիկ է ու շահաւէտ, միայն իր չափաւորութեան մէջ: