ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ա՛յս էր ամերիկահայութեան պատասխանը Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի հանգանակութեան կոչերուն:
Սիրով մասնակցեցաւ ժողովուրդը, մեծ ու պզտիկ նուիրատուութիւններով:
Սիրով, որովհետեւ ոչ միայն բնազդօրէն, այլ բարձրագոյն գիտակցութեամբ անդրադարձաւ, որ տնտեսական դժուարութիւնները, «ձախորդ օրերու նման, կու գան ու կ՛երթան», բայց որոշ աշխատանքներ, որոշ ծրագիրներ անմիջական ու կենսական կարեւորութիւն ունին հաւաքական մեր գոյատեւման համար, եւ հետեւաբար, անյետաձգելի են. հիմա պէտք ունին միջոցներու, մեծ միջոցներու, որպէսզի ոչ մէկ դանդաղումի, ոչ մէկ յետաձգումի մատնուին անոնք:
Ան որ Կիրակի կէսօրէ ետք ներկայ էր «Հորիզոն»-«Ասպարէզ» շէնքը, ան որ իր աչքով տեսաւ երիտասարդ ու մեծ կամաւորներու ոգեւորութիւնը ամէն անգամ, երբ կը հրապարակուէր հանգանակուած գումարին թիւը, տեսաւ իրենց նուիրատուութիւնները բերել շտապող անհատներու ու կազմակերպական ներկայացուցիչներու յուզումը, վստահ եմ, որ նոր լիցքով մեկնեցաւ տուն՝ իրեն հետ տանելով Հայ Դատի աշխատանքներուն աւելի մեծ յանձնառութեամբ մասնակցելու համոզումը:
Ժողովուրդը սիրով գնահատեց Հայ Դատի աշխատանքը եւ Հայ Դատին համար հանգանակութիւն կազմակերպողներու նախաձեռնութեան ոգին, գնահատեց անոնց հաւատքը իրեն հանդէպ, իր ազգային գիտակցութեան բարձր մակարդակին հանդէպ:
Ժողովուրդը գնահատեց նաեւ այս հսկայ գործի ետին կանգնած, սակայն խոնարհօրէն ստուերի մէջ մնալ նախընտրած բոլոր նուիրեալներու քրտինքն ու կազմակերպական շնորհը:
Գնահատեց լիաբուռնօրէն:
Գնահատեց՝ սիրո՛վ: