ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ, «Ասպարէզ».- Զոյա Բաղրամեան: Անկախ իր տարիքէն տիկին Զոյան ինքզինք տասնութ տարեկան կը զգայ, որովհետեւ, ինչպէս Հայաստանի մէջ տասնութ տարեկանին կը ստանան անձնագիր, այնպէս ալ ինք հիմա է, որ կ՛իրականացնէ իր կեանքի երազը՝ դառնալով Հայաստանի քաղաքացի ու ստանալով այդ փաստը ապացուցող անձնագիրը:

Զոյա Բաղրամեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանին իր երկքաղաքացիութեան դիմումը յանձնած էր անցեալ տարուան Մարտին, իսկ անցեալ ամիս՝ Մայիսին, Երեւանի մէջ հայկական եռագոյնին կողքը կանգնած, պաշտօնապէս ստացած էր իր Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը:
Ատրպէյճան ծնած Զոյան, 1989ին փախչելով ատրպեճանական հալածանքներէն՝ անցած էր Մոսկուա, ապա 1996ին հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որուն քաղաքացին դարձած էր:
Հիմա, ան կը դառնայ նաեւ Հայաստանի քաղաքացի:
Լոս Անճելըսի հայակական հիւպատոսարանէն ներս, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան իր ձեռքով վերստին յանձնեց անձնագիրը Բաղրամեանին: Հիւպատոսը Հայաստանի նոր քաղաքացիին յանձնեց նաեւ խորհրդանշական նուէր մը:
Հիւպատոսը այս առթիւ նաեւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն հիւպատոսարանը ստացած է անցեալ ամբողջ տարուան համեմատ՝ կրկնակի թիւով երկքաղաքացիութեան դիմումնագրեր: