Յառաջիկայ 3էն 5 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը՝ նախագահութեամբ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ապա նաեւ պիտի կայանան վեհափառ հայրապետին հետ թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային իշխանութեանց հանդիպումները։
Կրօնական ժողովի նիստը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 3 Յունիսին, իսկ Քաղաքական ժողովի նիստը՝ Հինգշաբթի, 4 Յունիսին։ 5 Յունիսը վերապահուած է թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հետ կաթողիկոսին հանդիպումներուն։
Այս ժողովներուն մասնակցութիւն բերելու նպատակով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Պէյրութ մեկնած է։ Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը անդամ է Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին։