ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC) քարիւղի յայտնի մասնագէտ դոկտ. Ճորճ Չիլինկիրեան անցեալ Ապրիլ 14ին ստացած է համալսարանի դասախօսներուն շնորհուող բարձրագոյն շքանշանը՝ «Faculty Lifetime Achievement Award»ը:
Փրոֆ. Ճորճ Չիլինկիրեան կը հանդիսանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ամենասիրուած ու ամենաերկար ժամանակը սպասարկած դասախօսներէն մէկը: Յայտնենք, թէ ան համալսարանէն ներս դասախօսելու սկսած էր 1956ին:
Չիլինկիրեան հրատարակած է աւելի քան 500 մասնագիտական յօդուածներ ու մօտաւորապէս 60 հատորներ:
Փրոֆ. Չիլինկիրեան անդամ է նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի գիտութեան ակադեմիաներուն ու համագործակցած է շարք մը հայ գիտնականներու հետ:
Յիշեցնենք, թէ ան տարեսկիզբին ստացաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն շքանշան մը, համալսարանին ու Հայաստանի ի նպաստ անոր կատարած աշխատանքներուն համար: Ան շքանշաններ ստացած է նաեւ Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի, Թայլանտի, Հնդկաստանի եւ Հոնտուրասի իշխանութեանց կողմէ ու խորհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցած է ՄԱԿին: