ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա Չորեքշաբթի, Յունիս 3ին յայտարարեց, թէ այսօր՝ Հինգշաբթի, Յունիս 4ին, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայանալիք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու Ատրպէյճանի անոր պաշտօնատար Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք, որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութեան ակնկալութիւն չունի:
Ան միաժամանակ դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմփատեան եւ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլի համաձայնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հանդիպում մը ունենալու գաղափարին շուրջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ե՞րբ պիտի այցելեն հակամարտութեան շրջան՝ Պրայզա յայտնեց, թէ այդ որոշումը պիտի տրուի Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին արդիւնքներուն հիման վրայ:
Յայտնենք, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 4ին երկօրեայ այցով պիտի մեկնի Ս. Փեթերզպուրկ՝ մասնակցելու համար Ս. Փեթերզպուրկեան միջազգային 13րդ տնտեսական համախմբումի աշխատանքներուն:
Կ՛ակնկալուի, որ նախագահ Սարգսեան հանդիպում մը ունենայ նաեւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Տմիթրի Մետվետեւի հետ: