ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Զաման»ի յօդուածագիր Ֆիքրէթ Էրթան Երեքշաբթի, Յունիս 2ի իր սիւնակին մէջ շատ լայն բացատրութիւններ կու տայ Հայաստանի «Մեծամօր» հիւլէակայանին մասին։ Տրուած ըլլալով, որ այս նիւթը մօտէն կը շահագրգռէ նաեւ դրացի Թուրքիան՝ յօդուածագիրը կը նշէ, որ Հայաստան, հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան ճնշումներուն, վճռաբար կը շարունակէ գործածել «Մեծամօր»ը, որ խորհրդային օրերէն մնացած ըլլալլուն պատճառով վստահութիւն չի ներշնչեր այլեւս։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի այդ վճռակամութեան դիմաց, Արեւմուտքը ստիպուեցաւ միլիոնաւոր տոլարներ տալու Հայաստանին, որպէսզի վերջինս կարելի չափով ապահով դարձնէ կայանը։
Ան կը գրէ, թէ Թուրքիա տակաւին հիւլէակայան չունի, սակայն աշխատանք կը տանի զայն կառուցելու համար: Թուրքիոյ դրացի երկիրներէն Ուքրանիան, Պուլկարիան եւ Հայաստանը ունին իրենց հիւլէակայանները։
«Հայաստանի հին կայանը աշխատանքէ պիտի դադրի 2017 թուականին։ Ատիկա չի նշանակեր, որ Հայաստան պիտի հրաժարի հիւլէական ուժանիւթէ», կը գրէ յօդուածագիրը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան արդէն իսկ կնքած է համաձայնագիր մը նոր հիւլէական կայանի մը կառուցման ուղղութեամբ։ «Շինութիւնը պիտի տեւէ նուազագոյնը հինգ տարի ու պիտի արժէ 5 միլիառ տոլար։ Ասիկա շատ մեծ գումար մըն է Հայաստանի համար, ուստի ան չի կրնար առանձինն դիմագրաւել այդ ծախսը։ Այս պատճառաւ ալ, Հայաստան պէտք ունի օտար դրամագլուխներու։ Եւ ասիկա բաւական դժուար պիտի ըլլայ այսօրուան տնտեսական տագնապին պատճառով։ Բայց եթէ իրականանայ ծրագիրը, Հայաստանի նոր կայանը նախկինէն կրկնապատիկ չափով ուժեղ պիտի ըլլայ, ինչ որ Հայաստանը պիտի դարձնէ իր պէտքէն ալ աւելի շատ ուժանիւթ արտադրող երկրի մը», կ՛եզրակացնէ Էրթան։