ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իզմիրի երեսփոխան Ճանան Արըթման, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր՝ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի մեծ մօրը հայ ըլլալը պնդելով, Ամերիկայի մէջ ան արտասանեց խօսքեր, որոնք նոր բանավէճի մը դուռ պիտի բանան։ Արըթման Նիւ Եորքի մէջ խումբ մը թուրքերու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին ըսաւ, թէ Թուրքիան ներկայիս կը կառավարուի կուսակցութեան մը կողմէ, որ «ազգային զգայնութիւն չունի», պնդելով, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ընտրութիւններու ընթացքին «դրամ եւ ոսկի բաժնեց քուէարկողներուն»։ «Աչքերովս տեսայ: Իզմիրի մէջ ոսկի բաժնեցին», վստահեցուց ան:
Արըթման նաեւ քննադատեց Կազայի վրայ յարձակումին հարցով Իսրայէլի դէմ ցոյցերը, արուեստական գտաւ Պաղեստինի նկատմամբ վարչապետին գերզգայնութիւնը եւ ըսաւ, որ վարչապետը մէկ կաթիլ արցունք չի հոսեցներ սպաննուած թուրք զինուորներուն համար: Ան քննադատեց նաեւ նորընտիր արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն, իսկ նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը նկատեց «անյաջող»։