ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը յայտարարեց, թէ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Յունիս 3ին ընդունեց Հայաստանի մօտ Հոլանտայի դեսպան Օննօ Էլտերենպոսը (նստավայրը՝ Թիֆլիս), իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Էլտերենպոսին՝ իր առաքելութեան ընթացքին հայ-հոլանտական յարաբերութիւնները խթանելու ուղղուած գործունէութեան համար, ընդգծելով, որ Հայաստանի համար մեծ նշանակութիւն ունի հայ-հոլանտական համագործակցութիւնը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հոլանտայի ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:
Իր կարգին, դեսպանը նշեց, որ ինք ջերմ զգացումներով կը հեռանայ Հայաստանէն:
Նոյն օրը դեսպան Օննօ Էլտերենպոս հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին: