ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ նախապայմաններ պէտք չէ ըլլան, երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին ողջամիտ ժամկէտներու մէջ, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Յունիս 9ին Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումներէն ետք՝ ԱՄՆ դեսպանատան մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին:

Անոր խօսքերով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը առանձին գործընթաց է, որ պէտք չէ շաղկապել որեւէ այլ բանի հետ: «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացումը օգուտ պիտի բերէ երկու երկիրներուն եւ ամբողջ տարածաշրջանին: Այդ գործընթացը շատ կարեւոր է», ընդգծած է Կորտըն: Ըստ անոր, կողմերը կը հասկնան, որ «ողջամիտ ժամկէտ» ըսուածը չի կրնար յաւերժ երկարիլ եւ իսկապէս ողջամիտ ժամկէտներու մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քայլեր կը ձեռնարկուին:
Կորտըն նոյն օրը այցելած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցին, ըստ որուն՝ անցած տարի Կորտըն Պոլսոյ թուրքերուն յորդորած էր պայքարիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ, Կորտըն նախ նշած է, որ ինք այդպէս չէ ըսած, ապա պարզաբանած. «Ես հակառակը ըսած եմ. իմ խօսքը եղած է՝ ըրէք ի՛նչ կը փափաքիք, եթէ կը փափաքիք պայքարիլ ատոր ճանաչման դէմ, լոպպիինկ իրականացուցէք, ժողորդավարութիւնը ինքնին այդ է, սակայն հասկցէք, որ այս տարի դուք յաջողութիւն չէք ունենար: Ես առաջարկած եմ շատ լուրջ մտածել անոր մասին եւ ընել այն ինչ կը փափաքին, որովհետեւ Քոնկրէսին կողմէ ճանաչման հնարաւորութիւն կար, ԱՄՆ միտումները այնպէս էին, որ Հայկական Ցեղասապանութեան ճանաչման իրական հնարաւորութիւն կար»:
Մամլոյ ասուլիսին մասնակցած Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ, պատասխանելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան մասին լրագրողի մը հարցումին, յայտնեց, թէ ամերիկան վարչակազմը Ատրպէյճանի համար յաւելեալ ռազմական աջակցութիւն խնդրած է Քոնկրէսէն, որովհտեւ «Կասպեան աւազանին մէջ Ամերիկա որոշակի հետաքրքրութիւններ ունի»: