ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 3-5 Յունիս 2009ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ լիակատար նիստ՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը ներկայացնող առաջնորդներուն ու հոգեւոր հայրերուն կ՛ընկերանային իրենց թեմական իշխանութեանց ներկայացուցիչ անդամները:
Ժողովական նիստերու բացումը կատարելով՝ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս ժողովներու կարեւորութեան, փորձառութեանց փոխադարձ փոխանակման եւ մտահոգութեանց միասնաբար լուծման հեռանկարով:
Այնուհետեւ ժողովականները լսեցին զեկոյցներ բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազաններէն, թեմի կրօնական, ազգային, մշակութային ու այլ բնագաւառներու գործունէութեան մասին: