ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Ուրբաթ, Յունիս 12ին, «Real Medicine» հիմնարկը կը ներկայացնէ երեք հայ լուսանկարիչներու ստեղծագործութեանց ցուցադրութիւն մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ անվճար դարմանատուն մը բանալու աշխատանքներուն:
«Ուղեւորութիւն դէպի Հայաստան» խորագրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսին կը մասնակցին հետեւեալ արուեստագէտները՝ Սարա Անճարղօլեան, Վահէ Տալա ու Սեւակ Վրէժ:
Երեկոյեան ժամ 8ին սկսող ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «A&I Photography» սրահին մէջ (933 N. Highland Ave., Hollywood): Հովանաւորողները առիթը պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 7-8ի միջեւ հիւրասիրութեան մը մասնակցելու արուեստագէտներուն հետ: Այս հիւրասիրութեան ու ցուցահանդէսին մասնակցութեան սակը 75 տոլար է, իսկ միայն ցուցահանդէսին մասնակցութեան սակը 25 տոլար է՝ կանխաւ ապահովողներուն համար: Տեղւոյն վրայ մուտքի տոմսերը 30 տոլարի պիտի ծախուին:
Տոմսեր ապահովելու համար այցելել կազմակերպութեան www.AFFMA.org համացանցային կայքը: