ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիսի 18էն Յուլիս 1ի միջեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ հանդիպումներ պիտի ունենայ հայկական համայնքին հետ՝ Պոսթընի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելեսի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
Դեսպան Եովանովիչ վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ամերիկացի պաշտօնեաներու, հայ դիւանագէտներու, գործարարներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ համագործակցութիւնն ու անոր ապագայ հեռանկարները:
Դեսպանը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ու հայկական կրօնական համայնքի անդամներու հետ:
Դեսպան Եովանովիչ միտքեր պիտի փոխանակէ Հայաստանի ընթացիկ զարգացումներուն, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եւ Հայաստանի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն շուրջ: Դեսպանը նաեւ պիտի անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող օժանդակութեանց: Հայկական համայնքին հետ հանդիպումներու ծրագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ: Անոնց կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները.
19 Յունիս, Ուրբաթ, ժամը 19:00
Հայկական մշակութային հիմնադրամ
Արլինկթըն, հասցէ՝ 441 Mystic Street, Arlington, MA 02474:
22 Յունիս, Երկուշաբթի, ժամը 19:00
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմ
«Հայկ եւ Ալիս Քաւուքչեան» սրահ, Նիւ Եորք
հասցէ՝ 35th 630 Second Avenue, New York, NY 10016
25 Յունիս, Հինգշաբթի, ժամը 19:30
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան
Պըրպէնք, Քալիֆորնիա, հասցէ՝ 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504
26 Յունիս, Ուրբաթ, ժամը 19:30
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան
Լա Քրեսէնթա, հասցէ՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
30 Յունիս, Երեքշաբթի, ժամը 12:30
Քոնկրէսի գրադարան, «Մամֆորտ» սենեակ 6F
Ուաշինկթըն, հասցէ՝ 1st Street SE, Washington DC 20543