ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 91րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 31 Մայիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ։
Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին հանդիսապետեց առաջնորդ սրբազանը եւ կատարեց հայկական եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը:
Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։ Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Հոլիվուտի մասնաճիւղի սկաուտները։
Պատարագի ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, անդրադարձաւ Մայիս 28ի անկախութեան տարեդարձին, եւ կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, որ նոյն օրուան (Մայիս 31) Հայ Դատի թելեթոնին մասնակցի։
Նշենք, որ առաջնորդը մեր ժողովուրդին յատուկ կոչ մը ուղղած էր Հայ Դատի թելեթոնին առիթով։ Կոչը լոյս տեսաւ մամուլին մէջ, իսկ Կիրակի, 31 Մայիսին, անիկա ընթերցուեցաւ մեր եկեղեցիներէն ներս, Ս. պատարագի ընթացքին։