ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամէտով հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փրակայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Պաքուի ակնկալած յառաջդիմութիւնը չէ արձանագրուած։ Ան ըսաւ, թէ «Հակառակ անոր, որ Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահին կողմէ հիւրընկալուած էր եւ կը նախատեսուէր, որ Փրակայէն տարբեր ըլլայ, սակայն լուրջ տարբերութիւն գոյութիւն չունէր»։
Մամետով յայտնեց, որ Մինսկի խումբի համանախագահները յայտարարութիւններ կատարեցին այն մասին, որ մօտ օրէն հիմնական սկզբունքներու շուրջ փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրուի, սակայն առայժմ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած։ «Համանախագահները Հայաստանը միջազգային համայնքին կը ներկայացնեն իբրեւ կառուցողական մօտեցումի տէր եւ կառուցողական նախագահով երկիր մը, ուստի աշխարհը կը մտածէ, թէ անոնք բանակցութեանց կ՛երթան, ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ եւ այդ հարցով մտահոգուելու կարիք չկայ։ Եթէ բանակցութիւնները այսպէս շարունակուին եւ յառաջդիմութիւն չարձանագրուի, ապա Ատրպէյճան իր կեցուածքը կրնայ փոխել։ Ստախօսները բացայայտելու համար բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին»։
Հարցազրոյցին ընթացքին ան չէ բացառած այն հանգամանքը, որ Յուլիսին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը տեղի ունենայ՝ դարձեալ Ռուսիոյ մէջ։
Պատասխանելով բանակցութեանց Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած ատրպէյճանցիներու մասնակցութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ Մամետով ըսաւ. «Կը կարծենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանցի եւ հայ համայնքները կրնան որոշ հանգրուաններու մասնակցիլ բանակցութեանց, եթէ իրենց մասնակցութիւնը հարկ ըլլայ»:
Իր կարգին, արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ ներկայիս օրակարգի վրայ չէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափը փոխելու հարցը: «Ներկայիս պատրաստ ենք շարունակելու աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ու անոր համանախագահներուն հետ», ըսաւ Ազիմով:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էնն Տերսի Չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշումը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն է՝ մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ: