2009ի երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտած են արդէն եւ արդիւնքները հրապարակուած։ Լիբանանահայութիւնը Պէյրութի Ա., Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրատարածքներուն մէջ արձանագրեց աննախընթաց ու օրինակելի մասնակցութիւն։ Հայութեան քուէներուն մեծամասնութիւնը՝ 80 առ հարիւրը, անգամ մը եւս եկաւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն եւ անոնց ցանկակիցներուն։
Պէտք է հաստատել, որ ընտրութիւնները կանխող հանգրուանին, ընտրութեան օրը եւ նոյնիսկ անկէ ետք բոլոր կողմերու եւ յատկապէս գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի ուշադրութեան առանցքը դարձան հայ ընտրազանգուածի մեծ համեմատութեան եւ օրինակելի մասնակցութեան հանգամանքները։ Մամուլը մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական առաջադրանքներուն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումին համար հայութեան դրսեւորած զօրակցութեան մասին։
Այս ընտրութիւններուն ընթացքին ամէն միջոց ի գործ դրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ իր ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապը եւ վստահութիւնը խախտելու, սակայն հայ անհատը այս բոլորին տուաւ հայավայել պատասխան եւ իր արժանապատուութեան ու ազգային տեսլականներուն հաւատարիմ՝ մնաց ամուր եւ չենթարկուեցաւ ոչ մէկ փորձութեան։
Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր երախտագիտական խօսքը կ՛ուղղէ կամաւորներու եւ համակիրներու այն հսկայ բանակին, որ ամիսներէ ի վեր մեր ակումբները եւ ընտրական կեդրոնները վերածեց մեղուի փեթակներու եւ դրսեւորելով բարձր գիտակցութիւն՝ անսաց գործի հրաւէրին։
Ընտրութիւններու արդիւնքները ճիշդ է, որ չեն ցոլացներ հայութեան իրողական մեծամասնութեան կամքը։ Այս իրողութիւնը բնական է, որ խռովէ մեր հոգիները՝ տեղ մը նաեւ յառաջացնելով արդար ընդվզում. այսուհանդերձ մեր ժողովուրդին համար յստակ է, որ այս ընտրութիւններուն արդիւնքներով չէ պայմանաւորուած մեր համայնքի քաղաքական ուժի եւ գործօնի արտայայտութիւնը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս արժանացած է իր ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութեան եւ այս մէկը պարտաւորեցնող հանգամանք է եւ կուսակցութիւնը կը դնէ նո՛յն վճռակամութեամբ եւ նո՛յն հաստատակամութեամբ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ հայ քաղաքացիի բարօրութեան ու անվտանգութեան երաշխիքներու ամրապնդումը շարունակելու անհրաժեշտութեան դիմաց։
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակից դարձան նաեւ արտասահմանի տարբեր գաղութներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մեր հայրենակիցները։ Այս հանգամանքը անգամ մը եւս եկաւ շեշտելու լիբանանահայ համայնքի տեղն ու դերը մեր համահայկական եւ համազգային երթին մէջ։
2009ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումը դրուած էր իբրեւ հիմնական առաջադրանք, այդ մէկը սակայն ինքնանպատակ առաջադրանք չէր, այլ միջոց՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման։ Կեդրոնական կոմիտէն կը յայտարարէ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը աշխատանքային նոր ձեւաւորումով եւ ծրագրաւորումով, ինչպէս նաեւ մարզերու ընդարձակումով անմիջապէս պիտի մեկնարկէ նոր գործընթացի մը եւ ընտրուած երեսփոխաններ ընկ. Յակոբ Բագրատունի եւ պրն. Արթիւր Նազարեան պիտի կազմեն կորիզը այդ պլոքին, եւ նախկին երեսփոխաններէ ու նախարարներէ բաղկացած քաղաքական խորհուրդը պիտի սատարէ պլոքի աշխատանքներուն։
Համաժողովրդային զօրակցութեան արժանացած Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնման առաջադրանքը, հայութեան ինքնուրոյնութիւնն ու հայ համայնքի քաղաքական անկախ որոշումը իր հարազատ պատուանդանին վրայ պահելու առաքելութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան լիբանանեան կառոյցը կը դնեն իր ճիգերը բազմապատկելու ու գործադաշտը ընդարձակելու նոր մարտահրաւէրի դիմաց, եւ ասոր համար ժողովուրդի վստահութեան քուէն է՛ ու կը մնայ հիմնական մղիչ ուժ եւ երաշխիք։
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ