ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բաւական լուրջ քայլեր կը ձեռնարկուին Ջաւախքի ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ. անոնք մանրամասն քննարկման առարկայ դարձած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին: Նալբանդեան Չորեքշաբթի օր Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ընթացքին նշեց, որ մօտ 102 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի ճանապարհներու կառուցման, եւ երկու տարուան ընթացքին կը ծրագրուի վերանորոգել Ջաւախքի բոլոր դպրոցները ու ստեղծել նոր աշխատատեղիներ:
Այցելութեան ընթացքին քննուած են Վրաստանի տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիներու կարգավիճակին առնչուող հարցեր: Կարգավիճակի յստակացման նախագիծը ներկայացուած է Վրաստանի խորհրդարանին: Արծարծուած է նաեւ Վերին Լարսի անցակէտի բացման հարցը. վրացական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցելու ռուսական կողմին հետ՝ զայն շուտափոյթ գործարկելու համար: Քննարկուած է նախապատրաստական ընթացքը՝ Վրաստանի նախագահի Հայաստան կատարելիք այցելութեան, զոր կը նախատեսուի կայացնել Յունիսի վերջաւորութեան:
Նախարարը ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ չկայ որեւէ հարց, որ հնարաւոր չըլլայ լուծել բանակցութիւններու միջոցով: