ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը Չորեքշաբթի, Յունիս 10ին առնուազն 30 զոհ խլեց հարաւային Իրաքի Նասիրիա քաղաքին մօտերը՝ միաժամանակ վիրաւորելով տասնեակներով ուրիշներ: Համեմատաբար խաղաղ վիճակի մէջ գտնուող այդ շրջանին մէջ պայթումը տեղի ունեցած է խճողուած շուկայի մը մէջ, որ Պաղտատէն 200 մղոն հարաւարեւելք կը գտնուի: