ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ տարուան Նոյեմբերի ընտրութեանց ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառի բնակիչներուն կողմէ վաւերացուած վաճառքի եւ գործածութեան տուրքը 0.5 տոկոսով բարձրացնելու որոշումը գործադրութեան պիտի դրուի Յուլիս 1էն սկսեալ, որուն հետեւանքով, գաւառի տարածքին վաճառքի տուրքը 9.75 առ հարիւր պիտի ըլլայ: Կարգ մը քաղաքներ, ինչպէս՝ Սաութ Կէյթ եւ Փիքօ Ռիվերա, քաղաքային մակարդակի վրայ տուրքերը աւելցնելու այլ որոշումներու հետեւանքով, պիտի պարտադրուին 10.75 տոկոսի վաճառքի տուրք գանձելու: Այս որոշումներուն գործադրութենէն ետք, Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ վաճառքի տուրքը պիտի տարուբերի 8.25էն 10.75 տոկոսի միջեւ: