ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Էստոնացի գործընկերոջ հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթաaցքին, Յունիս 11ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանած է ղարաբաղեան բանակցութիւններուն եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին շարք մը հարցերու:
Արձագանգելով Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն, որոնք Հայաստանի դիրքորոշումը եւ բանակցութիւններուն ընթացքը կը բնորոշեն իբրեւ ոչ կառուցողական՝ հայկական կողմին մեղքով՝ նախարար Նալբանդեան նշած է. «Զարմանալի է, որ Ատրպէյճանի նախագահի շրջապատն այսպիսի յայտարարութիւններ է անում», յիշեցնելով, որ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած էին, որ բանակցութիւնները անցած են կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ գրանցած են որոշ յառաջընթաց։
«Այս պատճառով զարմանալի է, որ Ատրպէյճանի նախագահի մերձաւոր շրջապատում նման յայտարարութիւն են անում։ Տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ աջ ձեռքը չգիտէ, թէ ի՛նչ է անում ձախը, կամ էլ նախագահի մերձաւոր շրջապատում լուրջ տարաձայնութիւններ կան», աւելցուցած է Նալբանդեան՝ նշելով, որ բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած անձեր հայկական կողմին խորհուրդ կու տան նման յայտարարութիւններու կարեւորութիւն չտալ, որովհետեւ անոնք լուրջ չեն։ Սակայն, ըստ Նալբանդեանի, նման գործընթաց օրինաչափութիւն դառնալով՝ վտանգ կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը յանգեցնէ այն եզրակացութեան, թէ Ատրպէյճան բանակցութիւնները կ՛օգտագործէ ո՛չ թէ յստակ արդիւնքներու հասնելու համար, այլ ուրիշ նպատակներով։
Ապա, մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի կատարած վերջին յայտարարութիւնը, թէ՝ Թուրքիա կը ցանկայ շուտափոյթ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, Է. Նալբանդեան նշած է. «Հայկական կողմը մէկ բան ունի ասելու բոլորին. Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմանների»: Նախարարին խօսքով, եթէ իր թուրք պաշտօնակիցի վերջին յայտարարութիւնը այս համատեքստին մէջ է, ուրեմն զայն կարելի է միայն ողջունել:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Պաղ պատերազմը աւարտած է, եւ Անգարայի մէջ կը սպասեն Սերժ Սարգսեանի այցին: Թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով, ան ըսած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն չկայ թշնամի հասկացութիւնը, եւ աւելցուցած՝ «Ատրպէյճանը եւս կը տեսնէ, որ Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները իր հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս են»:
Ա. Տաւութօղլու նաեւ մեկնաբանած է Հոկտեմբերին Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլային խաղը դիտելու նպատակով՝ Հայաստանի նախագահին Թուրքիա այցելելու հաւանականութիւնը: «Քիչ հաւանական է, որ Սարգսեանը մտածէ հրաժարիլ Թուրքիա իր այցելութենէն, եթէ սահմանը չբացուի», ըսած է Տաւութօղլու՝ աւելցնելով, որ եթէ Հայաստանի նախագահը կը կարծէ, թէ գործընթացին մէջ յառաջխաղացում կայ, ուրեմն անոր այցին հաւանականութիւնը մեծ է, եւ՝ «Դա ամենալաւ տարբերակը պիտի ըլլայ»: