ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած իր հերթական նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը որոշած է «Շահումով խաղերի եւ խաղատների մասին» օրէնքին մէջ կատարել փոփոխութիւններ, ըստ որոնց հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի զբօսաշրջութեան համար հրապուրիչ տարածքներու վրայ ստեղծել խաղատուներու եւ խաղասրահներու (քազինօ) համախմբուած եւ զարգացած կեդրոններ, դիւրացնելու համար զբօսաշրջիկներու զուարճանքի վայրեր այցելելը, ինչպէս նաեւ նպաստելու համար հիւրանոցային ոլորտի զարգացման:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, որ 2013 Յունուարի 1էն սկսեալ Հայաստանի մէջ խաղատուներ պիտի ըլլան միայն Ծաղկաձորի, Սեւանի եւ Ջերմուկի մէջ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը առանձին պիտի քննարկէ այդ ոլորտին մէջ 100 միլիոն տոլարէն աւելի ներդրումային ծրագիրները:
«Սա է մեր սկբունքային դիրքորոշումը, հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումը՝ 2013ից խաղատներ պէտք չէ լինեն երկրի կենտրոնական մասում եւ Երեւանի շրջակայքում», յայտնած է վարչապետը: