ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 11ին յայտարարեց, թէ «H1N1» ժահրի (խոզի հարբուխ) տարածումը համաշխարհային համաճարակի մակարդակին հասած է. նման հռչակում մը առաջինն էր վերջին 41 տարիներուն ընթացքին:
Այս քայլը առնուած է՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վարակուածներուն թիւը հասած է 30,000ի, իսկ հաստատուած զոհերուն թիւը՝ 144ի: Զոհերու ամենամեծ թիւը՝ 108 անձ, արձանագրուած է Մեքսիքայի մէջ:
Ժահրը բացայայտուած է առնուազն 74 երկիրներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը հասած է 13,000ի, իսկ զոհերուն թիւը՝ 27ի: