ՊՈԼԻՍ.- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըր «Թուտէյզ Զաման»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր ղեկավարած Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան համար անհասկնալի է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, անդամներուն հակաեւրոպական զգացումները եւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար Թուրքիոյ հարկաւոր բարեկարգումներուն դէմ դնելու անոնց կեցուածքը:
Շթայնմայըր շեշտեց, թէ Ընկերվար միջազգայնականը կը շարունակէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը հսկողութեան տակ պահել՝ տեսնելու համար, որ ան կարչած կը մնա՞յ Ընկերվար միջազգայնականի սկզբունքներուն։ Ընկերվար միջազգայնականէն բարոյագիտական յանձնախումբ մը անցեալ ամառ Թուրքիա այցելած էր եւ կուսակցութեան պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալով՝ քննադատած էր յատկապէս փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան հարցով կուսակցութեան անբաւարար քայլերը:
«Մենք կը ծրագրենք վերստին հսկողութեան ենթարկել կուսակցութեան ծրագիրը, ինչ որ կուսակցութեան կողմէ ողջունելի չէ։ Կը կարծեմ, որ ասիկա Եւրոպայի մէջ ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեանց կողմէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը սխալ հասկնալու արդիւնք մը չէ, այլ՝ ուղղակի արդիւնքը այդ կուսակցութեան կեցուածքին», նշեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը։