ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա Հինգշաբթի օր յայտնեց, որ պատրաստ է վերսկսելու Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ իր միջնորդութեան, սակայն կը սպասէ, որ երկու երկիրները բանակցութիւնները վերսկսելու իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեն։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Օզուկերկի յայտնեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու այս հարցը քննած է Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին: Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ, որ ներկայիս շրջան կ՛այցելէ, վստահաբար իր այցելութենէն ետք իր տեսակէտները պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ։
Անցեալ տարի Սուրիա եւ Իսրայէլ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններ կատարեցին, սակայն Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով, բանակցութիւնները դադրեցան։