ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- 88 տարեկան ցեղապաշտ ամերիկացի մը Չորեքշաբթի, Յունիս 10ին մուտք գործեց Ուաշիկթընի Հրէական ողջակիզման թանգարանէն ներս ու կրակ բանալով՝ ծանրօրէն վիրաւորեց ապահովութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որմէ ետք վիրաւորուեցաւ ու ձերբակալուեցաւ։ Պաշտօնեան աւելի ուշ մահացաւ հիւանդանոցին մէջ: Նախայարձակին վիճակը եւս ծանր է: Որոշուեցաւ Հինգշաբթի օր թանգարանը փակ պահել՝ ի յիշատակ զոհին:
Նախայարձակը սպիտակ ցեղի գերիշխանութեան հաւատացող ցեղապաշտ խմբակի մը անդամն էր եւ հրեաներու թշնամի մը։ Յայտնի չէ, թէ ան ինքնագլո՞ւխ կերպով դիմած էր այս արարքին, թէ կապ մը ունէր ահաբեկչական խմբակի մը հետ: