ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Պիզ. Միասին» «Մենք. Միասին» ֆրանսական կազմակերպութեան համահիմնադիր, ազգութեամբ թուրք Միշէլ Աթալայ եւ ֆրանսահայ յայտնի դերասան Տէնիս Տօնիկեան ծաղկեպսակ զետեղած են Փարիզի Կոմիտասի արձանին առջեւ՝ ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Թուրքիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ ծնած Միշէլ Աթալայ Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան անդամ է։ «Ֆրանս Արմէնի» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ հայկական հարցի նկատմամբ իր վերաբերմունքը փոխուած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք։ Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ հայազգի դերասան Տէնիս Տօնիկեանը, որ փոխած է անոր ազգայնամոլական դաստիարակութիւնը եւ ստիպած է իրականութեան նայիլ իբրեւ ողջամիտ մարդ։
«Պիզ. Միասին»ը հայ եւ թուրք ֆրանսացիներուն կողմէ ստեղծուած կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է ֆրանսական հասարակութեան ներկայացնել Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Տէնիս Տօնիկեան «Արամ» ժապաւէնին մէջ կը մարմնաւորէ թուրք դիւանագէտ մը։