ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀՕՄի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնեց Մայրերու օրը՝ իր սէրն ու յարգանքը արտայայտելու մայրերու աննկարագրելի նուիրումին եւ անսպառ զոհողութեան հանդէպ:
Մասնաճիւղի ատենապետուհին Սօնիա Պզտիկեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ այս յատուկ օրուան առթիւ, «ամէն տարի կը մեծարենք մեր համայնքէն տիպար ՀՕՄուհի մը»: Ան նաեւ յիշեց, թէ այս տարի, ՀՕՄի 100ամեակի նախաշէմին առաջին նշումը տեղի ունեցաւ Մարտ 28, 2009ին, Նիւ Եորքի «Էյլ» ակումբին մէջ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանային վարչութեան պատրաստած տեսաերիզը՝ շրջանի գործունէութեան մասին, որ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Մարտ 28ի ՀՕՄի 100ամեակի տօնակատարութեան տեսաերիզը:
Յառաջացած տարիքի պատճառով, յիսունէ աւելի տարիներ ՀՕՄին ծառայած ընկերուհիներէն ներկայ էր միայն երեքը՝ Մարի Գարակիւլլէեան, Անայիս Չօլաքեան եւ Պերճուհի Եսայեան, որոնք հրաւիրուեցան բեմ պարգեւատրուելու համար: Այդ օրուան ուրախ առիթով, Գոհարիկ Դաւիթեան, Շրջանային վարչութէան անունով, իւրաքանչիւրին յանձնեց ՀՕՄի խորհրդանշանով կրծքասեղներ: Այնուհետեւ, պարգեւատրուող ընկերուհիները Մայրերու օրուան կարկանդակը միասնաբար կտրեցին, ապա շարունակուեցաւ հայկական պարերով ճոխացած մթնոլորտը: