Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերջերս շարունակ կ՛ապացուցէ, թէ Անդրկովկասի մէջ երկակի չափանիշներով ղեկավարուիլը դարձած է իր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր յատկանիշը:
Առաջին հերթին, այս երկակի վերաբերմունքը դրսեւորուեցաւ ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ՝ Քոնկրէսին կատարուած արտաքին օժանդակութեան առաջարկով, որ կը նախատեսէր 38 տոկոսով կրճատել Հայաստանի տրամադրուած տնտեսական օժանդակութիւնը՝ միեւնոյն առաջարկութեամբ Ատրպէյճանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը բարձրացնելով քսան տոկոսով: Իսկ Վրաստանի յատկացուելիք օժանդակութիւնը կ՛առաջարկուի բարձրացնել 19 տոկոսով:
ԱՄՆի կառավարութեան առաջարկութեամբ, նաեւ պիտի խախտուի Անդրկովկասի մէջ ռազմական օժանդակութեան ցարդ պահուած հաւասարակշռուած մօտեցումը՝ դարձեալ յօգուտ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի, եւ ի վնաս Հայաստանի:
ԱՄՆի կառավարութեան վերջին հարուածը կու գայ «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրով Հայաստանի յատկացուած գումարներու՝ Հայաստանի ճանապարհներու նորոգութեան տրամադրուելիք եօթանասուն միլիոն տոլարի կրճատումով:
Ամերիկայի երկակի չափանիշները աղաղակող կը դառնան մանաւանդ այն իրողութեան լոյսին տակ, որ Հայաստանը, թէ՛ մարդկային իրաւունքներու, թէ՛ խօսքի ազատութեան եւ թէ՛ ժողովրդավարական սկզբունքներու պահպանման տեսակէտէն, ոչ մէկ ձեւով կը զիջի իր հարեւաններէն, ունի անոնց նման թերութիւններ եւ կրնանք պնդել, որ նոյնիսկ ունի որոշ առաւելութիւններ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին այս երկակի չափանիշներու որդեգրումը կը կատարուի ի հեճուկս ամերիկահայութեան՝ անտեսելով անոնց զգայնութիւնները, տուրք տալով միայն տնտեսական շահերու նկատառումներուն, որոնց յուսալիութիւնն ի՛սկ այնքան ալ երաշխաւորուած չէ:
Այս առթիւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է բողոքի քայլերու՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս շրջագայութեան դնելով իր ընդվզումն ու բողոքը արտայայտող գրութիւններ:
Մենք կը միանանք Ուաշինկթընի այս քաղաքականութեան դէմ բողոքի ձայներուն, եւ կոչ կ՛ուղղենք մեր համակիրներուն, որ ըստ հնարաւորինս, իրենց
կեցուածքը փոխանցեն Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն: