Հայկական նկատառելի ներկայութիւն ունեցող Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, այստեղ, մեր աչքին առջեւ, թուրք համայնքի ներկայացուցիչներ, նենգափոխելով իրողութիւնները՝ կը փորձեն նախ շփոթ ստեղծել, ապա այդ շփոթի ճամբով քաղաքական շահաբաժիններ ապահովել:
Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի թիւ 961 օրինագիծի ոդիսականը այդ առիթը շնորհած է թրքական համայնքին, որ իր կարգին, փորձած է յատուկ հաղորդագրութեամբ մը օրինագիծի կասեցումը ներկայացնել իբրեւ նահանգային մարմինի պիւտճէի յանձնաժողովի կեցուածք՝ ընդդէմ «Արդարութիւն՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն» անունը կրող բանաձեւին, որուն հեղինակն էր Նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը:
Այս բանաձեւը կը պարտաւորեցնէ Քալիֆորնիոյ նահանգը որեւէ տնտեսական գործարքի մէջ չմտնել այն ընկերութիւններուն հետ, որոնք կ՛աշխատին ցեղասպան վարչակարգերու ու կառավարութեանց հետ:
Թուրք ամերիկացիներու Իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամին անունով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը Սաքրամէնթոյի մէջ, յաղթանակ կը վերագրէ ինքնիրեն՝ թողելով այն տպաւորութիւնը, թէ իր ճիգերուն շնորհիւ, կարելի եղած է կասեցնել թիւ 961 բանաձեւի քուէարկութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդին մէջ, զայն դատապարտելով պիւտճէի յանձնաժողովի արխիւներուն մէջ մնալու ճակատագրին:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահ Քէվըն Տը Լէոն, պատասխան հրապարակումով յստակացուցած է, թէ իրողութիւնը այդպէս չէ, եւ թէ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններէ մեկնած բանաձեւին կասեցումը ո՛չ մէկ ձեւով կ՛արտայայտէ Օրէնսդիր մարմինին կեցուածքը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ:
Ընդհակառակը, Փորքրիկ Հայաստանէն ընտրուած օրէնսդիրը, այս առիթը օգտագործած է վերահաստատելու իր վճռական կողմնակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած բոլոր օրինագիծերուն:
Տը Լէոնի պատասխանը ազդու հարուած մըն է թրքական խմբակցութեան քարոզչական նենգ ծրագիրներուն՝ Քալիֆորնիոյ մէջ տնտեսական ճգնաժամի պատճառով թիւ 961 բանաձեւի ժամանակաւոր կասեցումը համաամերիկեան քաղաքական նոր դիրքորոշումի մը մեկնակէտը դարձնելու ուղղութեամբ:
Այս երեւոյթը անշուշտ մեր ուշադրութեան պէտք է հրաւիրէ թրքական աճող ու քարոզչական մեքենայի հետզհետէ առաւել յանդուգն ու լայնածաւալ դարձած սադրանքները, որոնք պէտք է միշտ ժամանակին արժանանան կտրուկ պատասխաններու, որպէսզի անտեղիօրէն չպղտորին ամերիկեան հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներու միտքերը: