ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թորոնթոյի մէջ իրենց տեղական մարմնին կողմէ կազմակերպուած ամենամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթի ընթացքին, Յունիս 7ին հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Սպիտակաշէն գիւղի դպրոցի կառուցման:
Բացման խօսքով հանդէս գալով՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան հիւրերուն ներկայացուցած է վերջին շրջանին հիմնադրամի Գործադիր վարչութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները: Ան նշած է, որ հիմնադրամը կը կիրառէ դրամահաւաքի բազմաթիւ նոր ձեւեր՝ ընդլայնելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հիմնադրամի նուիրատուներուն շրջանակը: Արա Վարդանեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է նաեւ հիմնադրամի յառաջիկայ տարիներու համընդհանուր ռազմավարութիւնը:
Սպիտակաշէնի դպրոցի կառուցման նուիրաբերուած գումարը կազմած է 200,000 քանատական տոլար: 5000 քանատական տոլար հիմնադրամին փոխանցուած է Թորոնթոյի հայ դպրոցականներուն կողմէ. վերոյիշեալ գումարը հաւաքուած էր «Թորոնթոյի հայկական դպրոցներու աշակերտներէն՝ Արցախի դպրոցներու աշակերտներուն» համար կատարուած աշխատանքին ծիրէն ներս:
Այս տարի պիտի կայանայ նաեւ Մոնթէրէյ-Լոս Անճելըս հեծանիւ արշաւ մը, որուն ընթացքին հաւաքուած գումարը եւս պիտի ուղղուի Սպիտակաշէնի դպրոցի կառուցման ծրագրին:
Սպիտակաշէնի դպրոցի շինարարական աշխատանքները սկսած են 2008ի Հոկտեմբերին, եւ 130 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցը՝ համայնքի երեխաներուն առջեւ իր դռները պիտի բանայ 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին: