ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 12ին, Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու համալիր-մատենադարանին նուիրաբերուած է Ագուլիսի Դաշտ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գրուած 1622 թուականի Աւետարանը, որ Մանգասարեաններու տոհմին կողմէ պահպանուած էր սերունդէ սերունդ:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան նշած է, որ ձեռագիրը արուեստի գլուխգործոց է եւ պիտի համալրէ Մատենադարանին մէջ պահպանուող նոյնանման ձեռագիրներուն շարքը: Ձեռագիրը նուիրաբերուած է Հայաստանի մանկատուներու հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ՝ բարեգործ Ժենիա Այդինեան-Ռզայէի կողմէ, որ դիմելով բոլորին, յատկապէս՝ սփիւռքահայերուն, առաջարկած է Մատենադարանին նուիրաբերել արտերկրի մէջ գտնուող հայկական արուեստի գլուխգործոցները:
Մանգասարեաններու տոհմի ներկայացուցիչ Տիգրան Մանգասարեանը տեղեկացուցած է, որ ձեռագիրը Մատենադարանին մէջ էր 1970ականներու վերջը եւ ինք լիայոյս էր, որ անիկա պիտի դառնայ կառոյցի ապագայ ձեռքբերումներէն մէկը: Տ. Մանգասարեան նշած է նաեւ, որ գրուած են մեծաքանակ ձեռագիրներ Նախիջեւանի մէջ, ուր աւանդոյթ կար գիրքի տեսքով յիշատակ ձգելու ժառանգներուն:
Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեանի խօսքով, որեւէ ձեռագիր, երբ կը յայտնուի Մատենադարան, արդէն իսկ դրամական արժէք չի ներկայացներ: Ագուլիսի Աւետարանը, ըստ իրեն, բացառիկ նմուշ է եւ անիկա յառաջիկային պիտի ուսումնասիրուի, պիտի հրապարակուի եւ պիտի դառնայ ամբողջ ժողովուրդի սեփականութիւնը:
Մատենադարանի տնօրէնը Ժ. Այդինեան-Ռզայէի շնորհեց Մատենադարանի յուշամետալը եւ Հեթում արքայի Ճաշոցի մանրակերտը: