ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ խօսնակ Սամուէլ Ֆերմանեան, »Արմէնփրէս« լրատու գործակալութեան երէկ տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, թէ յառաջիկայ Ուրբաթ օր, Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ներկայացուելիք համաներումին վերաբերեալ՝ »Նախագահի առաջարկութիւնում Մարտի 1-2-ին Երեւան քաղաքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների առնչութեամբ յանցագործութիւն կատարած անձանց ե՛ւս անդրադարձ կայ«:
Այս »ե՛ւս անդրադարձ կայ«ն կը մտահոգէ մեզ, որովհետեւ, մեր կարծիքով, անոր մէջ Մարտ մէկի իրադարձութեանց »յանցագործ« մասնակցութիւն ունեցողներու հարցը համաներման շարժառիթի առանցքն էր, այլ ոչ թէ անոր ածանցեալ մէկ մասնիկը:
Արդարեւ, քաղաքական կուսակցութիւններու (որոնց շարքին, առաջին գիծի վրայ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան), քաղաքական գործիչներու, հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ արծարծուած համաներման պահանջը կը վերաբերէր գլխաւորաբար Մարտ մէկի դէպքերուն պատճառաւ ամբաստանուած, դատուած կամ բանտարկուած քաղաքացիներու ու քաղաքական գործիչներու, այլ ոչ թէ՝ հասարակ յանցագործներու:
Նախագահի առաջարկով թէ պատուէրով վերջին շաբաթներուն շղթայազերծուած հրապարակային քննարկումներուն, ու անոնց իբրեւ արդիւնք հնչած հասարակական պահանջի հիմքը ե՛ւս Մարտի մէկեան իրադարձութիւններու առնչուող անձերուն համաներման խնդիրն էր:
Հետեւաբար, Ուրբաթ օր սպասուածը, ակնկալուածը, նախագահին կողմէ առաջարկուած ու Ազգային ժողովին կողմէ հաստատուած համաներումն է՝ առաջին հերթին ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներուն, որոնց մէկ մասի դատավարութիւնը դեռ չէ աւարտած ու դատական վճիռները տակաւին չեն յայտարարուած:
Այլապէս, համաներումը քաղաքական բովանդակութենէ լրիւ պարպուած քայլ մը պիտի ըլլայ, իսկ անոր մասին այս օրերուն կատարուած խօսքերը՝ եւրոպական ատեաններու աչքին փոշի փչելու փորձ: