ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա Երեքշաբթի, Յունիս 16ին վեթոյի ենթարկեց Վրաստան-Աբխազիա սահմանը հսկող ՄԱԿի առաքելութիւնը երկարաձգելու արեւմտեան երկիրներու փորձը, ինչ որ վերջակէտ մը պիտի դնէ 130 անդամներէ բաղկացած դէտերու ուժի առաքելութեան։
Բանաձեւին դեր քուէարկեցին 10 երկիրներ, իսկ չորս ուրիշներ, որոնց շարքին Չինաստանը, ձեռնպահ մնացին։ Ռուսիա միակ երկիրն էր, որ բանաձեւին դէմ քուէարկեց։
Չուրքին նախապէս լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռուսիա կը մերժէ բանաձեւը, որովհետեւ ակնարկութիւն կը կատարէ թիւ 1808 բանաձեւին, որ կը հաստատէ Վրաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Ան այդ ակնարկը «քաղաքական թոյն» նկատեց։ Չուրքին ըսաւ, որ 1808 բանաձեւին որեւէ նշում անընդունելի է, որովհետեւ անիկա որդեգրուած էր Հարաւային Օսէթիոյ դէմ «վրացական յարձակումէն» առաջ։
Դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Չինաստան բանաձեւը վեթոյի ենթարկելու համար Ռուսիոյ չէ միացած, որովհետեւ նկատի առնելով Թիպէթի եւ այլ շրջաններու մէջ իր դիմագրաւած անջատողական հարցերը, չուզեց այլուր անջատողականութեան զօրակցութիւն ցուցաբերել։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի միւս անդամները գիտէին, թէ Ռուսիա պիտի չընդունի բանաձեւը, որովհետեւ Աբխազիա հոն չէ ներկայացուած իբրեւ անկախ պետութիւն մը, եւ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը բերցուց արեւմտեան պետութիւններուն ուսերուն։