ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Երեւանի մէջ Յունիս 19-20ին տեղի ունեցող DigiTec Business համաժողովի ծիրէն ներս, Microsoft ընկերութեան կողմէ պիտի ներկայացուին «Windows 7» համակարգը եւ «Internet Explorer 8» նոր բրաուզերը: Համաժողովը պիտի ընթանայ Microsoft-ի նորարարական համաժողովին հետ համատեղ:
«Ֆորումի ժամանակ մեր ընկերութիւնը ներկայացնելու է Windows 7 նոր օպերացիոնալ համակարգը եւ այլ ծրագրային արտադրանքներ՝ բիզնէս փլաթֆորմի վրայ, որոնք աւելի արտադրողական են դարձել եւ յարմար կիրառութեան մէջ», յայտնած է Microsoft RA ընկերութեան տնօրէն Գրիգոր Բարսեղեանը: Անոր խօսքերով, Microsoft նորարարական համաժողովը նպատակ ունի մէկ անգամ եւս ընդգծել նորարարական մօտեցման կարեւորութիւնը մրցակցութեան պայմաններուն մէջ, յատկապէս՝ հաշուի առնելով համաշխարհային ճգնաժամը:
Գրիգոր Բարսեղեան նշած է, թէ «Windows 7»ի հայկական տարբերակը տակաւին պատրաստ չէ, բայց այն անպայման վաճառքի է հանուելու յաջորդ տարուան ընթացքին: