ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ, Յունիս 17ին նախարար Արմէն Գրիգորեան եւ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Մարմնակրթութեան պետական կոմիտէի նախագահ Ռազմիկ Յովսէփեան ստորագրած են ՀՀ եւ ԼՂՀ մարզական պետական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան պայմանագիր:
Ըստ պայմանագրին, Հայաստան պիտի աջակցի Արցախի մարմնակրթութեան զարգացման, ԼՂ մարզիկները պիտի մասնակցին ՀՀ մարզիկներու հետ համատեղ հաւաքներու եւ մրցումներու, իսկ Արցախի լաւագոյն մարզիկները միջազգային մրցումներուն հանդէս պիտի գան Հայաստանի խումբերու կազմին հետ:
Արցախի մէջ գործող 18 մարզական դաշնութիւններէն 14ը պետական պիւտճէէն կը ստանայ 18.5 միլիոն դրամ: Ղարաբաղի մէջ աւանդոյթ դաձած է Հայաստանի տարբեր մարզաձեւերու առաջնութիւններուն անցկացումը, մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի մէջ: Ա. Գրիգորեանի խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մարզիկներու ու մարզիչներու փորձի փոխանակումը պիտի հզօրացնէ երկու երկիրներուն մարմնակրթութեան մարզը:
Այս պայմանագիրը կ՛ամրապնդէ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ երկար տարիներու ընթացքին ստեղծուած փոխադարձ ամբողջականութիւնը եւ հիմք կը ստեղծէ նոր հեռանկարներու: