ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վստահ եմ, որ «Ասպարէզ» ընթերցողներուն համար հետաքրքական նորութիւն մըն էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի վերջին նախարարական նշանակումը:
Հետաքրքրական, որովհետեւ, Արցախի ղեկավարը տասնմէկ անդամներէ բաղկացած իր կառավարական դահլիճին մէջ կին նախարար մը եւս նշանակեց՝ այդ սեռի ներկայացուցիչներուն թիւը բարձրացնելով չորսի, աւելի քան երեսունհինգ տոկոսի համեմատութիւն ապահովելով անոնց:
Վերջին նշանակուածը լրագրող Նարինէ Աղաբալեանն էր, որ դարձաւ ԼՂՀ Մշակոյթի եւ մարզական հարցերու նախարար: Միւս կին նախարարներն են՝ ընկերային ապահովութեան նախարար Նարինէ Ազատեան, արդարադատութեան նախարար Նարինէ Նարիմանեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Անահիտ Վարդանեան:
Հայաստանի կառավարութեան մէջ կայ միայն մէկ նախարար՝ Յասմիկ Պօղոսեանը՝ մշակոյթի ոլորտի պատասխանատուն:
Նախագահ Սահակեանի այս քայլը, որ փոքրիկ Ղարաբաղը կը դարձնէ աշխարհի այն հազուագիւտ երկիրներէն մէկը, ուր կիները գնահատելու եւ անոնց ըստ արժանւոյն կարեւորագոյն պատասխանատուութիւններ վստահելու փորձ ու գործ կը կատարուի, կը մեկնի նաեւ կառավարական համակարգը զինք քայքայող ախտերէն ձերբազատելու, կաշառակերութեան եւ փտախտի դէմ անհանդուրժողութիւն ցոյց տալու դիրքորոշումէն:
Կը գնահատենք նախագահ Սահակեանի այս վարքագիծը եւ յոյս կը յայտնենք, որ մեր բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն մէջ ընդօրինակենք պատասխանատու դիրքերու վրայ կիներու ներկայութիւնը աւելցնելու քայլը: Յաճախ, անհասկնալիօրէն լալկանութիւն կ՛ընենք՝ գանգատելով մարդկային ուժի եւ ղեկավար տարրերու անբաւարարութենէն, առանց իսկ նուազագոյն ուշադրութիւն դարձնելու մեր չորսդին գտնուող այն հսկայական ու կարող բանակին, որ մշակութային կամ ընկերային արատաւոր սովորութիւններու բերումով, կրաւորական դերի մէջ մնալու դատապարտուած է կարծես, նոյնիսկ այս դարուն ու ժամանակին:
Թօթափենք մեր վրայէն այդ վերաբերմունքը:
Good for Pres. Sahakyan. The problem is the environment that we create around certain positions, that women also elect not to be part of them or do not want to be the only woman on a board. Look around our community and church boards…
But, I think the number for Armenia ministers should be two — the Ministry of Diaspora is lead by Hranush Hacobyan.