ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ասատ, երէկ՝ Յունիս 18ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին:
Սուրիոյ նախագահը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը զրուցած են հայ եւ արաբ ժողովուրդներու հոգեւոր առնչութիւններուն մասին: Ընթացքին ընդգծուած է, որ Սուրիոյ նախագահի այցելութեամբ պիտի բացուի համագործակցութեան նոր էջ, որ խթան պիտի դառնայ երկու ժողովուրդներու դարաւոր հոգեւոր-մշակութային գործակցութեան առաւել աշխուժացման համար: Անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ հայ համայնքի կարեւոր ներդրման՝ Սուրիոյ կեանքին մէջ, նաեւ կրօններու համագործակցութեան, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հետ առկայ յարաբերութիւններուն, շփումներուն, որոնք կայացած են Սուրիոյ գլխաւոր մուֆթիի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին միջեւ:
Պաշար Ասատ, իր կարգին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն տալու Սուրիա:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յատուկ կարգով, իբրեւ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին ու հայկական համայնքին հանդէպ ազնիւ եւ հոգատար վերաբերմունքին, նաեւ ի բարօրութիւն խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կարեւոր աշխատանքին, Սուրիոյ նախագահին շնորհած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն պարգեւ՝ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշանը, եւ շքանշանի շնորհման հայատառ կոնդակը ու յուշանուէր մը: Կաթողիկոսը յայտնած է, որ յուշանուէրին վրայ կը պատկերուի Ս. Էջմիածինը՝ Արարատ լերան պատկերին կողքին: «Լեռ, որտեղ հանգրուանել է Բիբլիական Նոյեան տապանը, լեռ, որ իւրաքանչիւր հայի հոգում է եւ ՀՀ զինանշանի վրայ, սակայն ներկայումս՝ Թուրքիայի տարածքում», նշած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Կաթողիկոսի եւ նախարարի ուղեկցութեամբ Սուրիոյ նախագահը շրջած է Վեհարանի թանգարանը, դիտած է ամենաթանկարժէք ցուցանմուշները՝ ոսկէ տառերն ու ոսկէ խաչը, նաեւ 14րդ դարու Նորավանքի խաչքարը: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հիւրին ներկայացուցած է նաեւ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու հայկական կաթողիկոսարաններու գործունէութիւնը:
(«Ապարէզ».- Նշենք, որ նախագահ Պաշար Ասատի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս չնկատեցինք Ծիծեռնակաբերդ արարողակարգային այցելութեան մասին որեւէ յիշատակում: Հայաստանի մամուլն ալ այս մասին յատկանշականօրէն լուռ մնացած է):