ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ այս տարի պիտի կազմակերպուի ռազմամարզական ճամբար մը, ուր իրենց ամառնային հանգիստը՝ երեք հերթափոխով, պիտի վայելեն 11րդ դասարանի շուրջ 600 աշակերտներ: ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանի տուած տեղեկութեան համաձայն, ճամբարի կառուցման հիմնական աշխատանքները պիտի աւարտին Յուլիս 1ին:
Յուլիս 5ին ճամբարականներուն առաջին խումբը՝ շուրջ 200 հոգի, պիտի սկսի իրենց գործուն հանգիստը: Ըստ ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, բացի ռազմամարզական ծրագիրներէն, աշակերտներուն համար նախատեսուած են նաեւ մշակութային հետաքրքրական միջոցառումներ: Իսկ մասնակիցներու ընտրութեան խնդիր պիտի չըլլայ, քանի որ այս տարի Արցախի դպրոցներու տասնմէկերորդ կարգ անցած տղոց թիւը կը համապատասխանէ ճամբարի համար նախատեսուած դպրոցականներու թիւին: