ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Յունիս 18ին Երեւանի մէջ մեկնարկած է հայ-սուրիական գործարար համաժողովը, որուն ներկայ եղած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Պաշար Ասատ։
«Երկու երկրների յարաբերութիւններում քաղաքականութիւնն ու տնտեսութիւնը պէտք է հաւասարակշռեն իրար եւ դա ոչ միայն բարի ցանկութիւն է, այլ նաեւ հասանելի ցանկութիւն: Այդ նպատակին հասնելու համար, կարեւորւում է երկու երկրների միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնների ակ-տիւացումն եւ քաղաքական կամքը: Նախօրէին Սիրիայի նախագահի հետ բանակցութիւններում, մենք կարեւորեցինք առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը», յայտնած է Հայաստանի նախագահը:
Ան նաեւ ընդգծած է, թէ կ՛ափսոսայ, որ տնտեսական յարաբերութիւնները այն մակարդակի վրայ չեն, ինչպէս են երկու երկիրներուն բարեկամական յարաբերութիւնները:
«Հայաստանի եւ Սիրիայի կառավարութիւնները պէտք է իրաւա-պայմանագրային դաշտը ձեւաւորեն: Արդէն համաձայնագիր է կնքուել ներդրումների խթանման մասին, ինչը եւս մէկ քայլ է առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների զարգացման համար», աւելցուցած է նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը նաեւ կոչ ըրած է սուրիահայ համայնքին իրենց առեւտարական աշխատանքով նպաստելու երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր նախագիծ պիտի ստանայ երկու երկիրներու նախագահներուն աջակցութիւնը:
Համաժողովի ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան նշած է, թէ առանձնապէս մտահոգիչ է Հայաստանէն Սուրիա արտահանուող ապրանքներուն նուազումը իւրաքանչիւր տարի: Ըստ անոր, 2008ին այդ ապրանքներուն ընդհանուր գումարը կազմած է ընդամէնը 90 հազար տոլար: Մ. Սարգսեանի խօսքով, երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ համագործակցութիւն կայ, սակայն պէտք է ընդլայնել զայն եւ ամուր հիմքերու վրայ դնել: Այս առնչութեամբ, Սուրիոյ Առեւտուրի պալատներու միութեան հետ կայացած է պայմանաւորուածութիւն՝ Հալէպի մէջ Հայկական տուն բանալու ուղղութեամբ: Անոր միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ներկայացնել Հայաստանի արտադրանքը, այլեւ կազմակերպել անոր վաճառքը:
Իր կարգին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ սուրիահայ գործարար Սուրէն Վարդանեանը, որ նշեց, թէ կայացած է նաեւ յստակ պայմանաւորուածութիւն՝ Հայաստանի մէջ խողովակներու արտադրութեան ձեռնարկութիւն հիմնելու ուղղութեամբ:
Համաժողովի ընթացքին պարզուած է, որ Հալէպի առեւտուրի պալատին հետ արդէն պայամանաւորուածութիւն կայ՝ ընթացիկ Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ սուրիական ապրանքներու ցուցահանդէս իրականացնելու ուղղութեամբ, իսկ հայկական ապրանքներու հերթական ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ պիտի կայանայ ընթացիկ տարուան Նոյեմբերին:
Նոյն օրը, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ, երկու երկիրներու ղեկավարները ամփոփած են այցելութեան արդիւնքները, ապա տեղի ունեցած է Պաշար Ասատի եւ տիկին Ասմա Ասատի հրաժեշտի արարողութիւնը: