«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կը մահանայ քաղաքական կամ հասարակական գործիչ մը, որ տարիներով համայնքի մէջ ներկայութիւն է, մամուլի ճամբով արտայայտած է իր կեցուածքները, իր անձնական ու կուսակցական գաղափարներն ու միտքերը:
«Հակառակորդ» կամ «մրցակից» կուսակցութեան մը մամուլը կ՛անդրադառնայ այս գործիչի կեանքին՝ տեղ տալով անոր մասին գրութիւններու, ուր շեշտուածը, անշուշտ, իբրեւ մահագրութեան ընթացիկ յատկանիշ, գործիչին դրական նկարագրային գիծերն են՝ առաւելաբար կամ առանձնաբար: Հաւանաբար պատշաճութիւնը ատիկա կը պահանջէ, մանաւանդ մահուան անմիջապէս յաջորդող օրերուն:
Մահացածի կուսակիցները կրնան զարմանալ: Գրութիւնը հրապարակող թերթի շրջանակէն եւս զարմացողներ կ՛ըլլան:
Այս պարագային, խնդրոյ առարկան Հնչակեան կուսակցութեան յայտնի գործիչներէն տոքթ. Յարութիւն Սաղրեանն է:
Նոր մահացած Սաղրեանի մասին երկու գրութիւններ լոյս տեսան «Ասպարէզ»ի մէջ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն է:
Պօղոս Գուբելեանի գրութեան մէջ կայ հեղինակին կողմէ որդեգրուած գնահատանքի չափանիշ մը, որ կրնայ վիճելի ըլլալ կամ չըլլալ: Յամենայնդէպս, ընթերցող մը, այդ նոյն չափանիշը որդեգրելով՝ կը ներկայացնէ իր գնահատականը, իր տեսակէտը, զոր կը հրատարակենք ամբողջութեամբ:
Այս վերջին գրութիւնը (Յարութիւն Մկրտիչեանի կողմէ) կրնայ պարզապէս խորթ կամ անպատշաճ թուիլ ժամանակի առումով՝ մահուան մօտիկութիւնը նկատի ունենալով: Այս վիճակէն բխած բոլոր անպատեհութեանց պատասխանատուն անշուշտ խմբագիրն է:
«Յարգելի Պրն. Պօղոս Գուբելեան,
Կարդացի ձեր ստորագրութիւնը կրող յօդուածը՝ տոքթ. Յարութիւն Սաղրեանի մասին, որ լոյս տեսած էր «Ասպարէզ»ի Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2009 թիւին մէջ։
Նամակիս բովանդակութեան անցնելէ առաջ կ՛ուզեմ հաստատել, թէ նպատակս յօդուածը քննադատել կամ անոր արժեւորումը կատարել չէ, այլ՝ անդրադառնալ կէտի մը, զոր ուշադրութիւնս գրաւեց։
Նախ ըսեմ, որ ինծի համար շատ զարմանալի երեւոյթ էր, նուազագոյնը երկու առիթներով «Ասպարէզ»ին մէջ կարդալ յօդուած մը կամ տոմս մը՝ Յարութիւն Սաղրեանի մասին։ Ինչո՞ւ. Որովհետեւ զարմանքիս տուն տուող պատճառը այն կէտն է, որուն պիտի անդրադառնամ։
Պրն. Գուբելեան, վերոյիշեալ յօդուածին մէջ գրած էք հետեւեալ տողերը. «Շատերուն խորշանք կը պատճառէ այն կուսակցականը, որ իր դաւանած մոլեռանդ ու ծայրայեղ գաղափարաբանութեան կը զոհէ հայկական բիւրեղ իր հոգին։ Բարեբախտաբար, Սաղրեանի նման հայրենասէր մտաւորականներ կը գործեն քաղաքական մեր բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս, սակայն յաճախ ծայրայեղականներ կը յայտնուին հեռատեսիլի պաստառէն՝ արդէն իսկ արուեստականօրէն կոտորակուած սա ժողովուրդը աւելի եւս բեւեռացնելու»։
Փաստօրէն, դուք ինձմէ աւելի լաւ կը ճանչնաք տոքթ. Սաղրեանը։ Հաւանաբար, ան իսկապէս փայլուն մտաւորականներուն շարքին կարելի է դասել։ Սակայն դասել զինք ոչ մոլեռանդ ու ոչ ծայրայեղ կուսակցական՝ չեմ կարծեր իրականութեան կը համապատասխանէ։ Դժբախտաբար, ես այդ անունին եւ դէմքին ծանօթացայ իննսունական թուականներուն, հեռատեսիլի կայաններէն իր ելոյթներուն, թերթերու մէջ իր կծու եւ յաճախ անտրամաբանական յօդուածներուն եւ խանութներու մէջ իր խայտառակ ու աններելի արտայայտութիւններուն ընդմէջէն։ Յիշեցման կարգով ըսեմ, թէ այդ օրերուն՝ վատահամբաւ Լ.Տ. Պէտրոսեանի նախագահութեան շրջանին, երբ փորձ կը կատարուէր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը ծախելու, Մեղրին Ատրպէյճանի նուիրելու, Դաշնակցութիւնը հալածելու, տոքթ. Սաղրեան ճիգ չէր խնայեր այդ բոլորը արդարացնելու։ Օրին, երբ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը՝ Հրայր Մարուխեանը, դուրս կը դրուէր հայրենիքէն եւ այդ կուսակցութեան գոյքերն ու գրասենեակները կը կողոպտուէին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, տոքթ. Սաղրեան իրաւունք կու տար Լ.Տ.Պ.ին։ Եւ երբ Դաշնակցութիւնը կը պայքարէր վերոյիշեալ ազգադաւ քաղաքականութեան եւ անիրաւութեան դէմ՝ պահանջելով Լ.Տ.Պ.ի հրաժարականը, տոքթ. Սաղրեան կուրօրէն կը պաշտպանէր վատահամբաւ նախագահը, իր մաղձը թափելով Դաշնակցութեան հասցէին։
Ահա իմ ճանչցած տոքթ. Յ. Սաղրեանը՝ «Այն կուսակցականը, որ իր դաւանած մոլեռանդ ու ծայրայեղ գաղափարաբանութեան կը զոհէ հայկական բիւրեղ իր հոգին»։
Յարգանքներով՝
Յարութ Մկրտիչեան