Յարգելի տիարք,
Երբ կ՛ընթերցէի «Ասպարէզ»ի Մայիս 20ի թիւը, հետաքրքրութիւնս գրաւեց պատկեր մը, որ կը ներկայացնէր «Հորիզոն» հեռուստատեսիլի հիմնադիրները՝ իւրաքանչիւրի անուն-ազգանունով:
Գովեստի արժանի, այդ բուռ մը գաղափարական երիտասարդներու ազգավայել գործունէութեան շնորհիւ, 20 երկար տարիներէ ի վեր աննկուն գործող «Հորիզոն»ի սփռած յայտագիրները գերազանց եղած են, փնտռուած ու գնահատուած հայ կամ օտար հասարակութեան մօտ:
Երեք ամիսէ ի վեր Լոնտոնէն Լոս Անճելըս կը գտնուիմ ու հետաքրքրութեամբ կը վայելեմ «Հորիզոն»ի ցուցադրած ազգային, մշակութային, քաղաքական ու յատկապէս «180» ծրագիրը: Այս հետաքրքրական յայտագիրները ոչ միայն ինծի նման հիւրերու ոգեւորութիւնը կը բարձրացնեն, այլ կը լուսաւորեն մոլորած միտքերը:
Լոս Անճելըսի հայկական հեռուստասփռման կայաններէն՝ «ARTN», «USArmenia» եւ ուրիշներ, իրենց ծրագիրները արբանեակային հեռարձակումով տարածած են մինչեւ Եւրոպա: Գովելի պիտի ըլլայ, եթէ «Հորիզոն»ը եւս իր եթերային սփռումները տարածէ մինչեւ Եւրոպա:
Վստահ ենք, որ «Հորիզոն»ի ցուցադրած յայտագիրները շատ աւելի հետաքրքրական ու օգտակար պիտի ըլլան Եւրոպայի մէջ ապրող հայութեան ու հետաքրքիր երիտասարդութեան համար, որոնք շատ բաներէ կրնան օգտուիլ «Հորիզոն»ի ցուցադրած յայտագիրներուն ընդմէջէն, եւ երախտագիտութեամբ շնորհակալ պիտի ըլլան «Հորիզոն»ի տնօրէնութեան:
Մնամ յարգանքներով՝
Հ. Ա. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Being a permanent reader of ‘Asbarez’, I join with and support the request of H.A. Boghosian. Thank you!!
Vahe – Sweden.