ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԻ ԱՇՆԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին Հայկական երաժշտական մշակոյթ դասանիւթին պատասխանատուներուն ու համալսարանի Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութեան միացեալ ջանքերով, անցեալ Մարտ 2ին, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ գործող հայկական վեց վարժարններու 10րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտները հրաւիրուած էին համալսարանի «Նիւմըն» սրահը՝ ունկընդելու համար հայկական երաժշտութենէն կտորներ, որոնց շնորհիւ աշակերտները աւելի հպարտ պիտի զգային իրենց ազգային երաժշտութեան ժառանգութեամբ:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութեան ատենապետուհի Արտեմիս Պելեան-Պետրոս բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ՀԲԸՄի Փասատինայի ու «Մանուկեան Տէմիրճեան» վարժարաններու, ինչպէս նաեւ «Արշակ Տիգրանեան», «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան» եւ «Ալէքս Փիլիպոս» վարժարաններու աշակերտները, որմէ ետք երաժիշտները հանդիսատեսներուն ներկայացուց փրոֆ. Լուսինա Աղպապեան-Հապըրտը:
Ապա, ելոյթ ունեցան համալսարանէն երաժշտական կրթանպաստներ ստացած ուսանողներ՝ Մայքըլ Օհաննէսեան, Ալին Արուսթամեան եւ Փեփրոս Փիլիպոսեան, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ քանոնահար Լիլիթ Խոճայեան ու տասնամեայ Ճէֆրի Սուիտ, ներկայացնելով հետեւեալ գործերը. «Ատաճիօ» (Առնօ Պապաճանեան), «Թոքաթա» ու «Սինֆոնովա» (Արամ Խաչատուրեան), «Անձրեւ եկաւ» ու «Ալաքիազ» (Կոմիտաս), «Գիշերն եկաւ» (Ե. Սարտարեան), «Ուրին» (Դանիէլ Ղազարեան), «Էշխէմէթ» (Սայեաթ Նովա) եւ «Տրապիզոնի պար»:
Աշակերտները նաեւ առիթը ունեցան ծանօթանալու համալսարանի տարբեր բաժանմունքներուն, առաջնորդութեամբ համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան կարգ մը անդամներու:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութեան վարչութեան անդամ Սոնա Աքեան դասաւորած էր աշակերտներուն համալսարան երթեւեկը:
Երաժշտական ծրագիրը պատրաստուած էր վերջին 20 տարիներուն Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ հայկական երաժշտութիւն դասաւանդած փրոֆ. Լուսինա Աղպապեան-Հապըրտի կողմէ, որ երկու վարկանիշնոց այս դասանիւթը՝ «MuHL 403»ը, Սեպտեմբերին դարձեալ պիտի դասաւանդէ, համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցին մէջ, Երեքաշաբթի օրերը, կ.ե. ժամը 2-4: Անոր կրնան հետեւիլ նաեւ ոչ ուսանողներ:
Դասընթացքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել փրոֆ. Լուսինա Աղպապեան-Հապըրտին, (310) 472-4510 թիւով: