ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Կիրակի, Յունիս 21ին, Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ, որ Ճափոնէն Պաքու վերադարձի ճամբուն, որոշած էր Պոլիս իջնել: Երկու նախարարները մէկուկէս ժամ հանդիպում մը ունեցան, ապա, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Տաւութօղլու ըսաւ, որ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ խօսած է Հայաստանի հետ առաջ տարուող բանակցութիւններուն, շրջանային անցուդարձերուն ու Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ «յաջողագոյն» յարաբերութիւններուն մասին։
Տաւութօղլու յայտնեց, թէ կողմերը շատ նիւթերու մասին խօսեցան իբրեւ բարեկամ երկիրներ, որովհետեւ Ատրպէյճանի պարագային, միշտ ի զօրու է «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» տեսութիւնը։
Լրագրող մը յիշեցուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումը, թէ՝ «Կը սպասենք, որ Թուրքիա քայլեր առնէ», եւ հարց տուաւ, թէ ի՛նչ կը մտածէ այս մասին: Տաւութօղլու պատասխանեց, թէ Թուրքիա կը սպասէ, որ քայլերը առնուին երկու կողմէն, փոխադարձաբար, որովհետեւ միայն մէկ կողմէն առնուած քայլերով ոչինչ կ՛իրականանայ։ «Թուրքիա անցեալին ցոյց տուաւ, որ բարի կամեցողութիւն ունի, սակայն Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ Կովկասի բոլոր հարցերը կ՛ընդգրկէ»։
Իր կարգին, Մամէտեարով շնորհակալութիւն յայտնեց իր թուրք պաշտօնակիցին. երբ լրագրողներ հարցուցին, թէ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ՞ շփումներ ունենալ Հայաստանի հետ, ան դրական պատասխան մը տուաւ եւ աւելցուց, թէ անոնց նպատակը պիտի ըլլայ՝ «բռնագրաւեալ հողամասերու ազատագրումը»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ահմէտ Ունալ Չէվիքէօզի հետ, քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները եւ շրջանային համագործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Նենգէն աւելի նենգ կը մեռնիս կ՛ըսէ արած մը
այս մարդատիպը խարդախ »ստախօս« նենգամիտ մըն է
Զգո՛յշ նալպանտ օղլու, անոր մատներուն արանքէն արիւն կը կաթկըթի պիտի ըսեր մեր սիրելի բանաստեղծ Յ՛ Շիրազը
Առաւել՝ զայս՛
քեզի ոչ ոք իրաւունք տուած է մեր անոնոով վաճարելու մեր նահատակներու աճիւները սփռուած Մարքատէի խոռոչներուն մէջ