ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 15ին Հայաստան պիտի ժամանէ սփիւռքահայ պատանիներու եւ աղջիկներու առաջին խումբը. «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլով՝ մօտաւորապէս 100 հոգի, նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, պիտի հիւրընկալուի հայաստանցի ընտանիքներու կողմէ՝ Երեւանի եւ մերձակայ շրջաններու մէջ: Այս մասին Յունիս 19ին Սփիւռքի երիտասարդութեան յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը՝ «Արի տուն» ծրագրի համակարգող խորհուրդի նիստին ընթացքին: Ըստ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեանց, նախարար Յակոբեան, իբրեւ նշեալ խորհուրդի նախագահ, ներկայացուցած է ծրագրի իրականացման միջոցառումներուն ցանկը եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:
Սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստան պիտի ժամանեն Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ուգրանիայէն եւ Վրաստանէն: Ըստ նախարարին, գրեթէ լիովին աւարտած են հիւրընկալող ընտանիքներու կենցաղային, բարոյահոգեբանական պայմաններու ուսումնասիրման աշխատանքները, եւ ընտանիքները պատրաստ են սիրով կրելու այս ժամանակաւոր եւ հաճելի պատասխանատուութիւնը:
Սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու առօրեային պարբերաբար պիտի հետեւին աշխատանքային խումբերը, որոնք պիտի կազմակերպեն հետաքրքրական կրթամշակութային փոքրիկ ծրագիրներ, անոնց կեցութիւնն ու առօրեան աւելի յիշարժան եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով:
«Արի տուն» ծրագրի համակարգող խորհուրդի անդամ նախարարութիւններու, ՀՀ ոստիկանութեան, Քաղաքացիական աւիացիայի, Երեւանի քաղաքապետարանի, ինչպէս նաեւ Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Արարատի մարզպետարաններու ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, կարեւոր պարզաբանումներ ներկայացուցած են ծրագրի իրականացման փուլերու առնչութեամբ, ծրագրի բարեյաջող իրականացումը ապահովելու նպատակով: